Վաղը՝ Հինգշաբթի 14 Յուլիս 2016-ին, Տպայէյի ABC Mall-ի սինեմայի ցուցադրասրահին մէջ երեկոյեան ժամը 8:00-ին պիտի ցուցադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին առիթով պատրաստուած «Փրկութեան Քարտէզ» ֆիլմը: Ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ հովանաւորութիւնը Հայկազեան Համալսարանինն է:
Այս առիթով Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին, «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն այցելեց ֆիլմի հայրենի արտադրիչ Մանուէլ Սարիբէկեանը:
Պրն. Սարիբէկեանի հետ հանդիպումը առիթ մըն էր աւելի մօտէն ծանօթանալու ֆիլմի բովանդակութեան, պատրաստութեան ու նպատակին մանրամասնութիւններուն:
«Փրկութեան Քարտէզ» ֆիլմը հինգ միսիոնար կանանց մասին է՝ Քարէն Եփփէ , Մարիա Ճաքոպսըն, Պոտէլ Պէորն, Ալմա Ճոհանսըն, Աննա Հետուիք Պէուլ, սակայն այս մարդկային անզուգական առաքելութիւն կատարած կանանց պատմութեան ընդմէջէն կը ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրութիւնը :
Պրն. Սարիբէկեան խօսելով ֆիլմի նպատակներուն մասին, ըսաւ որ Ֆիլմին ստեղծման ամենակարեւոր նպատակներէն մէկը այն է ,որ հոն կը պատմուի մեր ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆիլմի միջոցաւ կարելի կը դառնայ մեր պատմութիւնը հասցնել օտարներուն, մանաւանդ որ այս ֆիլմի հերոսուհիները ցեղասպանութեան ականատեսներն են:
Զրոյցի ատեն յայտնի դարձաւ, որ կայ նաեւ ուրիշ կարեւոր ազդակ մը, որ մարդկայինն է: Ֆիլմը կը ներկայացնէ մարդասիրական շարժում մը՝ մարդասիրութեան, վեհ զգացումներու դրսեւորման, անհատականութիւններու մասին: «Ֆիլմը նաեւ մեր երախտագիտութեան տուրքն է այդ հերոսուհիներուն յիշատակին»,- աւելցուց մեր հիւրը: Կասկած չկայ, որ ցեղասպանութենէ մազապուրծ Հայ ժողովուրդի մնացորդացէն կարեւոր թիւ մը որբեր կարելիութիւնը ունեցած են կեանք ունենալու՝ շնորհիւ այդ անզուգական հերոսուհիներուն:
Տաս երկիրներու մէջ նկարուած եւ արխիւային մեծ հարստութիւն ներկայացնող այս իւրայատուկ ֆիլմի տեւողութիւնն է 88 վայրկեան, որուն բեմադրիչն է Արամ Շահպազեան, իսկ սենարի հեղինակը՝ Աննա Սարգիսեան: Ֆիլմը ունի իրեն յատուկ երաժշտութիւնը: Ան արտադրուած է Man Pictures-ի կողմէ, որուն ծրագիրներուն մէջ կան նմանօրինակ պատմական եւ արխիւային ֆիլմեր պատրաստել՝ յաւերժացնելու տուեալ դէպքերուն կամ հայկական կազմակերպութիւններուն պատմութիւնն ու գործը:
Յաջողութիւն «Փրկութեան Քարտէզ» ֆիլմին, որ շատ աւելի մեծ թիւով հանդիսատեսներու հասնելու կարելիութիւնը ունի, երբ թարգմանուի զանազան լեզուներու: Բան մը, որ շատ կարեւոր ծրագիր է, որ Պրն. Սարիբէկեան խօստացաւ իրականացնել եթէ անշուշտ գտնուին անոր հովանաւորները:
Շնորհակալութիւն Պրն. Մանուէլ Սարիբէկեանին եւ Հայկազեան Համալսարանին՝ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ այս կարեւոր Ֆիլմին ցուցադրութիւնը կարելի դարձնելուն համար:
Ս.Յ.