Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

«Հայաստանի Բնակչութիւնը Կը Կազմէ 2 Միլիոն 998 Հազար». ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչ

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա Յովհաննիսեան` ներկայացնելով «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագիրի ծիրէն ներս, 2016 թուականին կատարուած «Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան իրավիճակային վերլուծութիւն» հետազօտութիւնը յայտարարած է, թէ 2016-ի Յունուար 1-ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը կազմած է 2 միլիոն 998 հազար (այս ցուցանիշը նախորդ տարուայ Յունուար 1-ի դրութեամբ նուազած է 14 հազարով):

«Աւելին, այս տարուայ առաջին եռամսեակի տուեալներով` բնակչութեան թիւը նուազել է եւս 4000-ով: Այսինքն բնակչութեան թիւը կազմում է 2 մլն 998 հազար մարդ», նշած է Աննա Յովհաննիսեան աւելցնելով, թէ նուզման նոյն արագութիւնը շարունակուելու պարագային 2017 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի պակսի 16 հազարով:

Իսկ ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեանի խօսքով` հնարաւոր է 2050 թուականին Հայաստանի բնակչութիւնը կազմէ 3 միլիոն 100 հազար: «Այսօրուայ իրավիճակի մէջ հաշուի առնելով ներկայի գործօնները, Հայաստանի մէջ 2050 թուականին դրական առումով կարելի է, որ 3 միլիոն 100 հազար մարդ ըլլայ, իսկ եթէ բացասականը դիտարկենք` 1 միլիոն 700 հազար մարդ: Բայց այս մէկը պարզապէս կանխատեսութիւն է: Ապրիլ 2-ի վիճակի կրկնութեան ժամանակ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ մէկ ժամուայ ընթացքին», ըսած է ան:

Գ. Հայրապետեանի խօսքոով` «65 եւ աւելի տարիքի մարդիկ կը կազմեն բնակչութեան 11 %-ը, որուն մէջ կանանց թիւը 50%-ով կը գերազանցէ տղամարդոց թիւին, եւ մեր կանխատեսումներով 2050 թուականին տարեց բնակչութիւնը պիտի ըլլայ 22 %-ը` մօտաւորապէս 1/4-ը: Ասիկա պիտի ազդէ նաեւ տարեցներու կախեալութեան գործակիցի աճին: Այս առումով լուրջ մտահոգութիւն ունինք, որովհետեւ եթէ 80-ականներու վերջին ունեցած ենք 8/1-ի յարաբերակցութեամբ գործակից, այսինքն` 8 աշխատող կը վճարէին 1 չաշխատողի համար, այսօր այդ թիւը մօտ 4 է»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին