Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

«ԼՂ Խնդիրի Փաթեթային Կարգաւորման Մեկնարկը Պէտք է Տրուի Ազրպէյճանի Կողմէ ԼՂՀ Ճանաչումով». Շաւարշ Քոչարեան

Panorama.am կայքը հարց ուղղած է, թէ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան, ինչպէս կը մեկնաբանէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի փուլային կարգաւորման վերաբերեալ Ազրպէյճանի ղեկավարին յայտարարութիւնները: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:

Հարցումին ի պատասխան նախարարի տեղակալը ըսած է.«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ առաջադրուած Մատրիտեան փաստաթուղթը կ՛ենթադրէ՝ ղարաբաղեան հիմնախնդրի փոխադարձ զիջումներու վրայ հիմնուած փաթեթային լուծում:

Այդ փաթեթային կարգաւորման առանցքային տարրերէն մէկն է Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը, համապատասխան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին` պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեան: Ընդհանուր առմամբ Մատրիտեան փաստաթուղթին, որուն մէջ հանրաքուէի գաղափարի ընդունումը` որպէս բանակցային գործընթացի հիմք, հանդիսացած է Հայաստանի Հանրապետութեան լուրջ փոխզիջումը, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան վերաբերեալ հանրաքուէն իրականացած է դեռ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ` միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներուն եւ Խորհրդային Միութեան` այդ ժամանակ գործող Սահմանադրութեան ու օրէնսդրութեան լիակատար համապատասխանութեամբ:

Նոր հանրաքուէի գաղափարը միջնորդներուն կողմէ կը հիմնաւորուէր այն բանով, որպէսզի Ազրպէյճանի ղեկավարութեան ժամանակ տրամադրուի՝ իր բնակչութեան այդ հանրաքուէի իրականացման անխուսափելիութեան, ինչպէս նաեւ երկարատեւ խաղաղութեան, այլ ոչ թէ պատերազմի նախապատրաստելու համար: Սակայն Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը Մատրիտեան փաստաթուղթի ընդունումէն ետք եղած ժամանակահատուածը օգտագործեց՝ բանակցային գործընթացի էութիւնը խեղաթիւրելու, հայերու դէմ ատելութիւն սերմանելու, իր բնակչութիւնը պատերազմի նախապատրաստելու, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սահմանի երկայնքով լարուածութիւն պահպանելու եւ սադրիչ գործողութիւններ իրականացնելու համար:

Նմանօրինակ քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնն էր Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը, որ կը հանդիսանայ 1994-95 թուականներու զինադադարի հաստատման եւ ամրապնդման մասին եռակողմ` Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ, Հայաստան անժամկէտ համաձայնագիրներով իր միջազգային պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտում: Ազրպէյճանական յարձակումը կ՛իրականացուէր միջազգային մարդասիրական իրաւունքի` Տաէշի դաժանութեան չզիջող կոպտագոյն խախտումներով, ներառեալ դպրոցները հրետակոծելը, որուն իբր արդիւնք զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան երախաներ, տարեց անձիք կտտանքներու ենթարկելը, խեղելը եւ սպաննելը, ինչպէս նաեւ զինուորները գլխատելը: Ի դէպ Ազրպէյճանի նախագահը ցուցադրաբար պարգեւատրեց հայ ռազմագերին գլխատած բարբարոսը ճիշդ այնպէս, ինչպէս ժամանակին հերոսացուցած էր Պուտափեշտի մէջ ՆԱԹՕ-ի դասընթացքներու ժամանակ հայ զինծառայողը կացինահարած մէկ այլ բարբարոս:

Միջազգային հանրութիւնը փորձ կ՛ընէ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան տալ քաղաքակիրթ կառուցողական հուն վերադառնալու հնարաւորութիւն: Ատոր համար Պաքուն պէտք է համաձայնեցնէ եւ կեանքի կոչէ՝ Մայիս 16-ին Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած եւ Յունիս 20-ին Ս․Փեթերզպուրկի մէջ վերահաստատուած համաձայնութիւնները ու նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման: Սակայն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Պաքուն կը կորսնցնէ միջնորդներուն կողմէ իրեն ընձեռուած նաեւ այդ հնարաւորութիւնը:

Ազրպէյճանի Ապրիլեան յարձակումը յստակօրէն ցուցադրեց իր ղեկավարութեան անկարողութիւնը` հետեւելու իր իսկ կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրներով ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ ապացուցեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի փաթեթային կարգաւորման մեկնարկը պէտք է տրուի Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումով եւ Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու պատրաստակամութեան մասին յայտարարութեամբ:

Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ, եւ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ու Ազրպէյճանի` ինքնորոշուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ իրականացած յարձակման համար պատասխանատուութեան ծիրէն ներս»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին