*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան գաղթակայաններու ապահովական վիճակը դարձեալ օրակարգի վրայ է այս օրերուս:
Լիբանանեան բանակի տուեալներով ան մօտէն կը հետեւի, նամանաւանդ Սայտայի մերձաւորութեամբ գտնուող Այն էլ Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանի վիճակին, ուր կասկածներ կան, թէ Տաէշ արդէն իսկ բջիջներ ունի, որոնք ըստ կարգ մը տուեալներու՝ կրնան գործի լուծուիլ որեւէ ատեն: Ըստ միեւնոյն տուեալներուն, այդ նոյն բջիջներու անդամ 20 ահաբեկիչներ ոչ հեռու անցեալին, պատրաստուելով այդ գաղթակայանին մէջ Իրաք մեկնած են, ուր անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են:
Ամէն պարագայի Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները միշտ ալ լիբանանեան պետական զինեալ ուժերու հասողութենէն հեռու մտահոգիչ որջեր եղած են եւ այս հարցը անլուծելի է՝ եթէ նկատի ունենանք անոնց զինեալ հանգամանքը:
Կայ նաեւ հարցին ընկերային կողմը, որ ամենամտահոգիչն է: Այս գաղթակայաններու ստեղծումէն ի վեր՝ Լիբանանի պետութիւնը չկրցաւ մարդկային տարրական պէտքերը ապահովել հոն օրէ օր աճող հաւաքականութեան (ինչու իր իսկ քաղաքացիներուն պէտքերը յաջողա՞ծ է ապահովել), ո՛չ ալ կրցաւ ընկերային ծառայութիւններ ապահովել՝ անոր անդամներուն ընկերային համարկումը կարենալ ապահովելու լիբանանեան աւելի լայն ընկերութեան մէջ:
Զրկեալ շրջան մը միշտ ենթակայ է ամէն տեսակի որջ հանդիսանալու տուեալ երկիրի մը մէջ: Բնաւ զարմանալի չէ, որ պաղեստինեան գաղթակայանները կը շարունակեն մնալ ապահովական, թմռեցուցիչներու եւ այլ խնդիրներու պարարտ հող, միշտ սպառնալիք հանդիսանալով Լիբանանի ներքին անկայունութեան, որուն ապահովական կայունութիւնը առանց գաղթակայաններուն (ըլլան անոնք նախկինէն գոյութիւն ունեցող պաղեստինեան թէ վերջին տարիներուն անկազմակերպ կերպով բուսած սուրիականներուն ներկայութեամբ) ալ հարցական է…: