Վրաստանի կազափոխադրութեան ընկերութիւնը պաշտօնապէս տեղեկացուցած է «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան` 2016 թուականի 10 Յուլիսէն մինչեւ 10 Օգոստոս Հայաստան բնական կազի մատակարարումը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու մասին:
«Կազփրոմ Արմէնիա»-էն կը յայտնեն, որ կազամատակարարման դադրեցման նպատակը Վրաստանի տարածքին «Ղազախ-Սագուրամօ» մայրուղային կազատարի վնասուած հատուածներուն մէջ վերականգնողական, գծային փականներու փոխարինման, ինչպէս նաեւ սողանքի շրջանին մէջ կազատարի նոր կառուցուած հատուածի ներմիացման աշխատանքներ կատարելն է:
Հայաստանի Հանրապետութեան սպառողներու անխափան կազամատակարարումը կիրականացուի Աբովեանի ստորգետնեայ կազապահեստարան կայանի հաշուին: