Յուլիս 10-ի լոյս 11-ի գիշերը ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է 14 անգամ` ինքնաձիգերէ, գնդացիրներէ եւ դիպուկահար հրացաններէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 100 կրակոց: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնային գիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:






