Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 8 Յուլիսին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, ՀՀ սփորթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը եւ երկու կառոյցներու այլ ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2017 թուականին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու կազմակերպման առընչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Համահայկական խաղերուն իրականացումը Արցախի մէջ մարզամշակութային կեանքի զարգացման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման տեսանկիւններէն` ընդգծելով, որ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի իրականացուի խաղերը ամենաբարձր մակարդակով կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:






