Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցուած է 1625-ի ձեռագիր Տօնացոյց: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը:
Արծաթեայ կրկնակազմով մատեանը հայ արծաթագործութեան լաւագոյն նմուշներէն է եւ կը ներկայացնէ Կեսարիոյ դպրոցը:
«Մենք ուրախ ենք, որ բարեպաշտ հաւատացեալները հասկանում են, որ իրենց ընտանեկան սրբութիւնները` ժառանգաբար փոխանցուած, պէտք է փոխանցեն բուն օրրանին, եկեղեցուն, որտեղ դրանք բաց կը լինեն հանրութեան համար», – ըսած է Մայր Աթոռի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեանը:
Ձեռագիրը ընդօրինակած է Յովհաննէս քահանան 1625-ին, կազմը պատրաստած է արծաթագործ Շահմիր Կարապետը 1656-ին:
Առաջին էջին վրայ պատկերուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը` արքայական ընտանիքը մկրտելու ընթացքին, Սուրբ Էջմիածին Մայր Տաճարը, Արարատը եւ Նոյեան տապանը: Երկրորդ էջին` Մեսրոպ Մաշտոցը, Սահակ Պարթեւը եւ Ներսէս Շնորհալին: