Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Սամցխէ-Ջաւախքի Ճոպարեթ Գիւղին Մէջ 5000 Տարուան Պատմութիւն Ունեցող Բնակավայր Յայտնաբերուած է

Սամցխէ-Ջաւախքի Ճոպարեթ գիւղին մէջ, յայտնաբերած են Արաքս գետի մշակութային բնակավայր:

Այդ նմուշները կը պատկանին Ք.Ա. 4-րդ դարու կէսերուն: Ասպինձայի քաղաքապետութեան Ճոպարեթ գիւղի Արաքս գետի մշակութային բնակավայրը ունի մօտ 5000 տարուան պատմութիւն: Այս մասին կը յայտնեն Akhaltskha.net-էն:

Ասպինձայի քաղաքապետութեան տեղեկատուութեամբ՝ այդ տարածքին մէջ կ’իրականացուին հնագիտական աշխատանքներ: Տուեալ հետազօտութիւնները կ’իրականացուին Վրաստանի Ազգային Թանգարանի եւ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքի միասնական ուժերով:

Հնագիտական արշաւախումբը գտած է թէրասներու արթեֆաքդներս։

Յայտնաբերուած են քարէ շինութիւններ, բնակելի եւ տնտեսական ամբարներ, շտեմարաններ, կրակարաններ եւ ամանեղէնի տարբեր տեսականի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին