*Սարգիս Փոշօղլեան*
Աղբերու հարցով Լիբանանի մէջ վլվլուկ բարձրացաւ, ո՛չ վնասներու համապատասխան. Ի հարկէ քաղաքացին իրաւացի էր: Ես ալ կը կատակէի խօսակիցներուս, ըսելով՝ «աղբերու լաւագոյն լուծումը զայն չ’արտադրելն է. այսինքն՝ մի՛ ուտէք, մի՛ խմէք եւ վերջ: Ուրկէ՞ աղբ պիտի յառաջանայ, եթէ այդ իրագործուի…»: Իսկ մարդ արարածն ալ, ինչպէս ամէն կենդանի, պայմանաւորուած է կերուխումով, որպէսզի կեանքը թաւալի. առանց սնունդի կեանք գոյութիւն կրնա՞յ ունենալ միթէ: Կենդանին կ’ուտէ ու կը խմէ, ու այդ կերածները ի հարկ է զանազան գործարաններէ անցնելով կեանք կը պարգեւէ անձին, ու ապա յոգնատանջ ու սպառած կը հասնի ելքի դրան, ի լո՜յս աշխարհ դառնալու, եւ այդ խտացուած արդիւնքը իր մէջ ունի բազմատեսակ թոյներ, արձակուելով պիտի կեանք պարգեւէ անհատին, շրջանառութեան օրէնքին համաձայն, իսկ անոր անուն մը կու տան…
Ուրեմն, բաւական ետ երթալով, դառնանք դպրոցական օրերուն: Ի հարկէ աշակերտներ երբեմն-երբեմն ուսուցիչը փորձութեան մատնելու, կամ՝ ծուղակը ձգելու գաղափարը կ’ունենան իրենց «իմաստութեամբ» կամ՝ «սրամտութեամբ», ըսենք: (Իսկ հիմա կ’ըսենք մանկամտութեան կամ գերազանցութեան զգացումով):
Դասին մէջ կար «թրիք» բառը, որ անասունի աղբ կը նշանակէ: Ուրեմն՝ ուսուցիչին՝ ան ալ Վահէ Վահեանին բերնէն կ’ուզէինք կորզել… մարդու աղտին միավանկ բառը: Հարցուփորձի պահուն հարցուցինք իրեն. Վահեան պատասխանեց՝ «Քէ, այբ, քէ»… Ուրեմն՝ ձախողեցանք մեր նպատակէն: Լուրը հասցուցինք այլ դասարան.. իսկ հոն՝ Վահեան ըսած է «Երկու քէ, մէջտեղը այբ»…
Տեսա՞ք աշակերտական ճարպիկութեան պատասխանները…
Իսկ այդ բառը (գոյականը անշուշտ), որ հարաւային դռնէն եթէ աշխարհ չգար, իր թոյներով կրնար անհատի մահուան պատճառ դառնալ: Ձեւով մը կեանքի փրկութիւն միավանկ նիւթէն… որ ընկերութեան մէջ կարելի է թարգմանել… «ստորին դասակարգէն»:
Շրջանառութիւն.- Մուտք, շարժում, արդիւնք եւ ելք… (որուն անունը ունինք երկու տարբերակով):
Ամբողջական պատկերը կենսունակութեան:
Ամէն ինչ իր տեղին՝ սահմանուած վճիռ:
Փախուստ չկայ: Դրութիւն մը, որ շրջանառութիւն ունի, եւ կը պակսի ներդաշնութիւնը, անպայման տեղ մը վիրաւոր՝ պիտի բացայայտէ ինքզինք, իբրեւ ձախողութիւն, ըլլայ Տիեզերական, ըլլայ Արեգակնային, Պետական, Միութենական, ընտանեկան եւ անհատական մարզի մէջ:
Վերջ ի վերջոյ պիտի հոտի…