31 Մայիս 2016-ի դրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը կազմած է 4 միլիառ 432 միլիոն տոլար` Ապրիլ 30-ի 4 միլիառ 459 միլիոն տոլարի դիմաց, կը տեղեկացնեն Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն:
Արտաքին պարտքը նուազած է մօտ 27 միլիոն տոլարով: Վերոնշեալ 4 միլիառ 432 միլիոն տոլարէն կառավարութեան պարտքը կազմած է 3 միլիառ 943 միլիոն տոլար, իսկ Կեդրոնական դրամատանը` 489 միլիոն տոլար: