Երկուշաբթի, 23. 06. 2025

spot_img

Տեղի Ունեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Պաշտօնական Բացումը

Պաշտօնապէս բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 13-րդ միջազգային կինոփառատօնը, որ նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 25-րդ յոբելեանին:

8

Մինչ հանդիսաւոր կարմիր գորգի արարողութիւնն ու փառատօնի բացումը` Շառլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ ՀՀ ոստիկանութեան փողային նուագախումբի կատարումներուն ներքոյ բացուեցան գործարկու (օփերատոր) Ալպերթ Եաւուրեանի, բեմադրիչ Էտմոնտ Քէոսայեանի եւ Տմիթրի Կէսայանցի յիշատակը յաւերժացնող աստղերը: Այնուհետեւ այս տարուայ փառատօնի հիւրերը անցան հրապարակին վրայ տեղադրուած կարմիր գորգով, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը։

9

«Ոսկէ ծիրան»-ի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանն ու փառատօնի վաղեմի գործընկեր Վիւասել-ՄԹՍ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան համատեղ ազդարարեցին փառատօնի պաշտօնական բացումը: Յարութիւն Խաչատրեան խնդրեց հանդիսատեսին մէկ վայրկեան լռութեամբ յիշել 4 Յուլիսին կեանքէն հեռացած իրանցի բեմադրիչ, «Ոսկէ Արմաւենիի Ճիւղ»-ի մրցանակի դափնեկիր Ապաս Քիառոստամին:

«Աշխարհի մեծագոյն արուեստագէտներից ու ռեժիսորներից մէկը` Ապաս Քիառոստամին, մեր փառատօնի եւ հայ ազգի ու կինոյի լաւագոյն բարեկամներից էր, նա չորս անգամ մասնակցել է «Ոսկէ ծիրան»-ին: Իր լուսանկարների ամբողջ ցուցահանդէսը նա նուիրեց Փարաճանովի անուան թանգարանին: Այսօր նրա յուղարկաւորութիւնն է, եկէք յարգենք նրա յիշատակը»,- նշած է Յարութիւն Խաչատրեանը:

Փառատօնի ծիրէն ներս պիտի կայանայ Ապաս Քիառոստամիի «The Road» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ բեմադրիչի «Taste of Chery» ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Երեկոյի ընթացքին յայտարարուած է, որ Եւրոպական կինոակադեմիան մրցանակ շնորհած է Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանին`արժանացնելով զայն «Եւրոպական կինոմշակոյթի գանձ» տիտղոսին: Բացման արարողութեան ընթացքին ցուցադրուած են մրցութային ծրագրին մէջ ընդգրկուած ֆիլմերը, նաեւ դատական կազմը:

Արարողութիւնը եզրափակած է Համօ Բեկնազարեանի «Զարէ» կինոնկարի ցուցադրութիւնը, որ ուղեկցուած է Վահագն Հայրապետեանի եւ «Աքուստիկ գոյներ» ստեղծագործութիւններու կենդանի կատարումով:

Լուսանկարները` Մարիամ Լորեցեանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին