*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Միջին արեւելեան աւանդական եւ հնամիտ սովորութիւններէն է՝ աղջիկ զաւակներուն արգիլել այն, ինչ որ տղայ զաւակին արտօնելի կրնայ ըլլալ:
Այս խտրական մշակոյթը սխալ դաստիարակութեամբ սերունդներ յառաջ բերած է:
Աւանդական ծնողներ իրենց աղջիկ զաւակները տունէն դուրս ելլելով՝ առանձին տեղ երթալու մասին ունին իրենց վերապահութիւնները, պատճառաբանելով իրենց աղջկան ապահովութիւնը կամ այսպէս կոչուած «պատիւը» եւայլն: Նոյն այդ ծնողները չեն կրնար մտածել, որ այլ ընտանիքի աղջկայ մը այսպէս կոչուած ապահովութեան կամ պատիւին սպառնացողը՝ իրենց տղայ զաւակը կրնայ ըլլալ: Հետեւաբար աւելի նախընտրելի եւ նպատակայարմար չէ՞ իրենց տղայ զաւակը ճիշդ դաստիարակել՝ փոխան իրենց աղջկան արգիլելու…:
Անցնինք:
Լիբանանի երէկուայ լուրերու խորագիրները գրաւած էին տակաւին չհաստատուած բռնաբարումի պարագայ մը, որ պատահեցաւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ: Սակայն բռնաբարումի պատահարներ անծանօթ երեւոյթներ չեն Լիբանանի ընկերային կեանքին մէջ: Ան ամենօրեայ երեւոյթ մըն է, որ միշտ չի յայտարարուիր տուեալ ծնողքի մը կողմէ՝ այսպէս կոչուած պատիւի պահպանումի (ան)տրամաբանութեամբ: Պատահեցաւ, որ երէկուայ լուրերու մէջի խեղճ զոհը իրեն անմիջական խնամող ծնողք չունէր, որ թերեւս եղաւ պատճառներէն մէկը անոր հարցին ճիշդ թէ սխալ տուեալներով տարածման:
Ամէն պարագայի եւ անկախ անոր մանրամասնութիւններէն, վերոյիշեալ ցաւալի պատահարը եւ բռնաբարումի օրակարգի դարձեալ բարձրացումը առիթ մըն է, Լիբանանի պետութեան կողմէ լուրջ վերատեսութեան ենթարկելու բռնաբարումի հետ կապուած իր օրէնքները, որովհետեւ նահապետական դրոյթով ընկերութեան մը մէջ, ինչպիսին է Լիբանանը, բռնաբարող երիտասարդի մը, որպէս «պատիժ» ընդհանրապէս կրնայ սահմանուիլ՝ իր բռնաբարած աղջկան հետ ամուսնանալը (անոր պատուին տէր կանգնելու ծիծաղելի տրամաբանութեամբ): Այլ խօսքով, զոհ աղջկայ մը դէմ գործուած ոճիրի մը արդարութիւնը վերականգնելու եւ զոհ աղջկան իրաւունքը պաշտպանելու համար միջոցառումը կ’ըլլայ՝ անոր ամուսնացնելը զինք բռնաբարողին հետ…:
Այլեւս երեւակայէ սիրելի ընթերցող…: