Երեքշաբթի, Յուլիս 5-ին, Իսրայէլի Քնէսէթին մէջ հերթական անգամ ըլլալով պիտի քննարկուէր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը։ Այս առթիւ Սաղիմահայ Միացեալ Մարմինը մուտքի արտօնութիւն ստանալով ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանէն ներս կայանալիք քննարկման ժամուն, որ տեւեց շուրջ մէկ ժամ։ Ելոյթներ ունեցան մեր դատին պաշտպան եւ հայութեան համակրող երեսփոխաններ, որոնք ցեղասպանութեան հետ առընչուող մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ ետք խնդիր դրին անոր ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։ Խորհրդարանի խօսնակ Պրն. Եուլի Էտըլշթէյն նշեց. «Մենք զմեզ պէտք է անջատենք ընթացիկ եւ ժամանակաւոր օգուտներէ եւ պէտք է ճանչնանք Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը»։ Ապա Meretz կուսակցութեան ատենապետուհի Տիկ. Զեհավա Կալ ըսաւ, թէ թէեւ գին մը կայ վճարելու ճշմարտութեան համար, բայց այդ է ճիշդ ուղին, որքան ալ դժուար թուի այդ»։ Առաջարկը ղրկուեցաւ Կրթական Նախարարութեան յատուկ յանձնախումբի մը, որպէսզի բանաձեւէ պահանջքը։ Այսպիսով կրկին անգամ կը ձգձգուէր ճանաչման պահանջքը։
Մինչայդ, Քնէսէթի մուտքին հաւաքուած էին հայ եւ մեզի զօրակցող հրեայ հասարակական գործիչներու կազմակերպութիւններու յայտնի ղեկավարներ, որոնք բարձրաձայն ելոյթներով պահանջեցին մեր ցեղաս- պանութեան անյապաղ ճանաչումը։ Ելոյթներ ունեցան Հայոց կողմէն Պրն. Սերոբ Սահակեան, Դոկտ. Ժորժէթ Աւագեան, իսկ մեր հրեայ բարեկամներուն կողմէ Փրոֆ. Եաիր Օրօն, նախկին Դեսպան Պրն. Մայքըլ Օրըն, Այման Օտս, Մոշէ Ռազ, Թալ Հայման եւ ուրիշներ։ Խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ խօսք առին Տով Խենին, Նախման Շայի եւ ԹալիՓլոսքօ, իսկ վարչապետին տեղակալներէն Ցախիա Նեքվի առաջարկեց մեր հայցը կրկին անգամ ղրկել Կրթական նախարարութեան յատուկ յանձնախումբին, առ ի քննարկում։
Թէեւ հայերս ու մեր հրեայ զօրակցողները հիասթափուած դուրս եկանք խորհրդարանէն, այսուամենայնիւ հոգեկան որոշ բաւարարուածութիւն մը զգացինք, որ մեր հարցը կրկին անգամ քննարկուեցաւ եւ անիկա «մեռած» կամ սպառած հարց մը չէ։
Մ.Գ.
Երուսաղէմ