Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Ես Ալ Սիրեցի

*Սարգիս Փոշօղլեան*

Ես սիրեցի, բայց ոչ ոք
Սիրածներէս գիտցաւ թէ՝
Զինքը որքա՜ն սիրեցի…
Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ:

Վ. Թէքէեան

Ես ալ սիրեցի… Բայց ո՞վ չէ սիրած. ան որ սիրտ ունի կրնա՞յ սէրը փականքի տակ առնել: Բայց իմ ցաւս ուրիշ է. ե՛ս, որ սիրեցի, չէի գիտցած, չէի գիտեր ու հիմա ալ տակաւին չեմ գիտեր թէ որքա՜ն սիրեցի, սիրած եմ, կամ կը սիրեմ…:

Սէրերը բազմաթիւ են եւ բազմազան ի հարկէ. եւ, սիրոյ ակնոցով, երբ հանդարտ վիճակի մէջ ես, ո՛չ ալեկոծ, կա՞յ արդեօք իր մը, նիւթ մը, անձ մը, որ կարելի է չսիրել. Սէրը չափանիշ ունի՞ միթէ:

Մարդ արարածը ընդհանրապէս ունի ջուրի յատկութիւն.- հաստատուն, հեղուկ եւ կազային: Կը սիրենք հաստատ, որը կրնայ վերածուիլ հեղուկայինի ու ապա…կազայինի. (Ընդհանրապէս. ինչ որ ինծի համար ընդունելի չէ): իսկ սէրը ծաւալ չէ որ չափուի մեթր խորանարդով, ոչ ալ նիւթական իր, որ չափուի ու կշռուի, լայնքով, երկայնքով ու բարձրութեամբ: Ուրեմն, ո՞րն է չափանիշը. ի՛նչպէս կրնամ գիտնալ թէ ես որքա՜ն սիրեցի… իմ գաղափարներս  համամարդկային, եւ ի՞նչ պարագաներու տակ, եւ ինչո՞ւ: Ժառանգութի՞ւն, դաստիարակութի՞ւն թէ այլ…  որու համար ալ զրկուեցայ ուսումնառութենէ.

Հայրենի՞քս, այդ ափ մը հողը, առանց օդն ու ջուրը ըմբոշխնած ըլլալու… որու համար ալ պատրաստ էի զոհաբերելու կեանքս գուպարի մէջ: Սակայն, ա՞յդ է միակ չափանիշը… արեան կանչին. ո՛վ գիտէ:

Ընկերուհիներէս մի՞ն, որու հոգեմտայինը այնքան խօսուն էր ու հաճելի իմ հոգեմտայինիս… որ մնաց անպտուղ ու անբերք: Մէկ այլ ուրի՞շը, որու համար գրած էի «ՍԻՐԱՀԱՐՆԵՐԸ» ոտանաւորը.- որ կը սկսի.-

«Մէկ բաժակէ խմենք գինի
Մէկ աղբիւրէ զուլալ ջուր.
Ըլլայ գինին թոյլ թէ արիւն
Կամ աղբիւրը՝ այրող հուր»:

Ապա՝ ջնջելու համար յոգնակիի վերածող մասնիկը… Մէկ ուրի՞շը, որ զիս ճամբեց «Մենք ընկերներ ենք» ըսելով… տակաւին կը մխայ…

Զա՞յն որ պարգեւեց երեք զաւակ: Ո՞վ գիտէ:

Երեք զաւակ, երկուքը գաղթած են արդէն ու անոնց բացակայութիւնը մտքի գոհունակութեան առընթեր վիշտի, բաժանման վիշտի արցունքներ կը խլեն… ո՛չ այնքան անվարժ լացող աչքերէս…

Իսկ երրորդը՝ որ հոս է տակաւին, ըսաւ.- «Ինդըրվիունիս Օգոստոս 9-ին է»: Ըսի ուրեմն՝ դուն Նակազաքին ես, իսկ ես՝ Հիրոշիման…

«Ո՞վ կարդալ սիրտը գիտէ»:

Այս ամէնը ի պատասխան վերոնշեալ հարցումին.-

Ես իմ սիրտս չեմ կրնար կարդալ… սիրտը կը զգայ… ու անոր բացատրութիւն չկայ… ինչ որ կը նշանակէ՝  չկարողանալ կարդալ:

Եւ գիտէ՞ք… գուցէ ա՛յդ է բնութեան դարմանը:

Զգալը բաւարար է սիրտին:

«Օ՜, բնութիւն, Օ՜, Մայր» …  (Ե. Չարենց)

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին