ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ հեռու եւ մօտ եղող բոլոր, բոլոր երկրորդական հայ վարժարաններու շրջանաւարտները՝ Երեւանէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս, Ստեփանկերտէն մինչեւ Սիտնի, Թեհրանէն մինչեւ Մոնթեվիտէօ, Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելոս, մինչեւ Կիւմրի, մինչեւ Վենետիկ, որոնք այս օրերուն, հպարտութեամբ եւ պատմական ակնկալութիւններով կը յանձնուին հայ կեանքին: Կը շնորհաւորեմ եւ կ’ողջունեմ ձեզ որպէս այդ երիտասարդութեան միաւորները:
Յաղթանակի օր մըն է ձեզի համար, սիրեի շրջանաւարտներ հայկական երկրորդական վարժարաններու, ձեր կեանքի առաջին յաղթանակը թերեւս: Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ ձեր ծնողները, որոնք ի՜նչ- ի՜նչ զրկանքներով, ի՜նչ-ի՜նչ տագնապներով, լուռ՝ սակայն հայու զոհողութեամբ բերին հասցուցին ձեզ այս հանգրուանին: Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեր դաստիարակներն ու կրթական պատասխանատուները, որոնք իրենց վստահուած Մեսրոպեան աւանդը շարունակեցին եւ այսօր կը յանձնեն ձեզ կեանքին:
Եւ ես այսօր, այս գրութիւնով ձեր նոր կեանքի առաջին սրտի խօսքն է, որ կ’ուղղեմ, որպէս մէկը՝ որ տարիներ առաջ անցած է հայկական պատուական կրթական օճախի նստարաններէն, որպէս մէկը, որ տարիներու կեանքի պայքարի փորձառութենէն որոշ եզրակացութիւններու հասած, որպէս մէկը, որ հպարտութիւնն ունի իր պատկանելիութեան եւ խորունկ երազանք՝ մեր վաղուան մեծ երազին:
Սիրելի շրջանաւարտներ, վաղուան ձեր կեանքը դպրոցական կեանքը չէ: Այդ վաղը չի նմանիր ձեր այսօրուան, ձեր անցեալին, ուր յաճախ առանձին չաշխատեցաք, առանձին չմտածեցիք ու որոշումներ չառիք: Այս հանգրուանին ընտանիք եւ դպրոց միշտ ուղղութիւն տուին ձեզի, փորձեցին ձեւաւորել ձեր կեանքը, նոյնիսկ ձեր սխալները ընդունեցան ժպիտով ու ներողամտութեամբ. Հանգրուան մը զոր բոլորելը դժուարին չեղաւ, որովհետեւ ձեր աչքերը բացիք հեռու հայրենի ծուխն ծխանիէն՝ հայրենի բնաշխարհէն:
Վաղը պիտի առնէք մեծ քայլը ձեր կեանքին, նետուելով կեանքի կրկէսը: Թերեւս ստիպուած ըլլաք ճամբորդելու դէպի նոր երկիրներ եւ շատ յաճախ օտար միջավայրերու մէջ շարունակէք ձեր բարձրագոյն ուսումը: Դէմ յանդիման պիտի գտնուիք տարբեր մշակոյթներու, ընկերային տարբեր բարքերու: Ի՜նչ ալ պատահի, ի՜նչ ալ պիտի ընէք՝ բարձրագոյն ուսում, նոր գործ, կամ մասնագիտացում, հաւատքով ըրէք, սիրելո՛վ ըրէք, սերտելո՛վ ըրէք, լաւագո՜յնը ըրէք. ժամանակին յարգը գիտնալով, ժամանակին հետ քայլ պահեցէք:
Որովհետեւ ձեր վաղուան կեանքը՝ արագ փոփոխութեան ենթարկուող ժամանակաշրջանի մը կեանքը պիտի ըլլայ: Անջրպետային նուաճումներով, վիթխարի տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, ճարտարարուեստական, գիտական փոփոխութիւններով, որոնք էապէս պիտի ազդեն ձեր մտածողութեան եւ աշխարհայեացքին վրայ: Սակայն ինչ որ ալ ըլլան փոփոխութիւնները, մարդը պիտի չտմարդանայ: Նոր դարը աւելի գործնական դար պիտի դառնայ, ուժի քաղաքականութիւնը՝ աւելի բացարձակ աշխարհավարութիւնը՝ տիրապետող, ուր զօրաւորն ընդհանրապէս աւելի պիտի յարգուի եւ առաւել առիթ պիտի ստանայ աւելի զօրանալու: Մի՛ տատամսիք, մի՜ սրասափիք, այդ է կեանքի խաղին օրէնքը: Աւելորդ է պայմաններուն մասին վիճիլը: Անոնք գոյութիւն ունին եւ պիտի պարտադրուին: Դուք սահմանուած էք այդ պայմաններուն մէջ ապրելու, առանձին ապրելու, առանձին մտածելու, առանձին որոշումներ առնելու եւ մանաւանդ գործադրելու զանոնք, նուազագոյն սխալներով, դրամագլուխ ունենալով ձեր մարդուժը, ձեր շրջապատը, սփիւռքահայ կեանքը, ազգային-հաւաքական կեանքը:
Թանկագին շրջանաւարտներ,
Ձեր վաղուան անհատական եւ հաւաքական կենաքին մէջ յիշեցէք եւ հետեւեցէք հետեւեալ սկզբունքներուն.-
Առաջին. դուք սահմանուած էք քաջ ըլլալու ձեր դիրքորոշումներով, ձեր որոշումներով: Սակայն այդ որոշումները ձերը պէտք է ըլլան, ոչ թէ ձեր ուսուցիչներունը, ծնողներունը եւ ոչ ալ ներածուած այս կամ այն վարդապետութենէն: Որոշումներ՝ որոնք հիմնուած պէտք է ըլլան իրապաշտ սերտողութեան վրայ: Հետեւաբար հարցում հարցնելէ մի վախնաք:
Մի՛ խրտչիք հարցաքննութենէ: Եթէ կը հաւատաք բարեփոխութեան, եթէ կը հաւատաք կատարելութեան, պէտք է հարցաքննենք մենք մեզ, մեր ձգտումները, մեր շրջապատը, մեր պատկանելիութիւնը, մեր երազները, մեր իտէալները, որպէսզի նոյն բարեփոխութեան օրէնքով հասնինք ճշմարտութեան, կատարելութեան, յաղթանակներու: Որովհետեւ՝ այսօր, մեր գոյութիւնը բազմաթիւ եւ բազմազան խնդիրներու հանգոյցի մը վերածուած է: Այսպէս, հայ մարդուն համար խնդիրներ են հայրենիքը, իր մշակոյթը, իր դաստիարակութիւնը, իր ազատութիւնը, իր մարդկութիւնը, իր գրականութիւնը ու իր շրջափոխութիւնը, իր աւանդական պահպանումն ու իր գոյութիւնը, իր լեզուն եւ իր սեփական տեւողութիւնը: Աւելին՝ հայ մարդը ինքն իսկ, իրեն համար իսկ, խնդիր մը եղած է այսօր:
Ժամանակավրէպ մտայնութեամբ չէ, որ այս հարցերը կը լուծուին, ոչ ալ խօսքով, այլ նոր մեթոտներով, նոր միջոցներով, նոր յարաբերութիւններով՝ հետեւելով արդիւնաբեր գործի սկզբունքին, չվիճաբանելով, քիչ խօսելով, բայց աշխատելով ճիշդ ժամանակին, միշտ ինքնաքննադատութեամբ, միշտ հարցնելով. «Ի՞նչ պէտք է ընել յաջորդ քայլը, յաջորդ քայլը ի՞նչ է, սկզբունք ունի՞ եւ ի՞նչ է արդիւնքը»:
Երկրորդ. Մի՛ կղզիացնէք ձեր կեանքը՝ արտաքին ձեր շրջապատին մէջ եւ ներքին հայ կեանքին մէջ:
Որպէս հին եւ հպարտ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակները, պէտք է յառաջանանք համամարդկային քաղաքակրթութեան հետ քայլ պահելով, որովհետեւ կղզիացումը անջատում է, սահմանափակում, պարտութիւն:
Հայ կեանքը, սփիւռքահայ կեանքը վերածուած է ընկերային, քաղաքական, յարանուանական կղզեակներու. կամուրջ եղէ՛ք այդ կղզեակներուն, փոխ յարաբերութիւններ մշակելով, որպէս ամբողջական հայեր, միշտ ձգտելով հաւաքական աշխատանքի, միութեան, ազգային միութեան, ազգային հաւաքական ուժին: Ճիշդ ատոր համար է, որ 20-րդ դարու անմահ բանաստեղծը պատգամած է՝ «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Եւ այդ ուժը, կ’ուզեմ աւելցնել, ի յառաջագունէ կը նշանակէ ներքին ճակատի զօրացում, այսինքն՝ ազատագրուեցէք նախապաշարումներէ, ձեր մտածելակերպն ու գործելակերպը թող ձգտին ու գործեն ներքին ճակատի զօրացման…: իրար զօրացնելով կը զօրանանք:
Երրորդ. հպարտութիւնը ունեցէք հայրենիքին, Հայաստանին, ապրող Հայաստանին, մայր Հայաստանին: Որովհետեւ այդ է մեր գոյութեան խարիսխը, մեր ապագայ ձգտումներու առողջ մեկնակէտը: Նոյն ժամանակ մի մոռնաք ձեր ապրած երկիրը, ձեր ներկայ խարիսխը: Որովհետեւ առանց հայրենիքի ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ շարունակել իր գոյութիւնը: Սփիւռքահայը կ’ապրի եւ կրնայ շարունակել իրեն սահմանուած ազգային առաքելութիւնը այնքան ժամանակ, որ հպարտութեամբ կապուած է հայրենիքին, սնունդ կ’առնէ հայրենիքի իրականութենէն, իր անցեալի հարուստ պատմութենէն, եւ կը պայքարի իր իրաւունքներուն համար: Անսահման հաւատքը ունիմ, որ նոյնիսկ սփիւռքի հայութեան լայնօրէն ցրուածութիւնները կարելի է կազմակերպել եւ վերածել հաւաքական ուժի:
Իրատես ըմբռնումներով լծուեցէք այդ սուրբ գործին: Այդ է ձեր ազգային առաքելութիւնը,:
Մեր հին, հեթանոս հայերու հայեցիութեամբ, Վահագն Վիշապաքաղի հրամանով եւ Սուրբ Մեսրոպի կամքով ու իմաստութեամբ, Բարի երթ ձեզի, ձեր կեանքի ճանապարհին: