Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Մօտ Հայաստանի Դեսպանատուն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընկերներ՝ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելեցին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ:

Այցելութիւնը առիթ մըն էր միասնաբար արծարծելու սփիւռքն ու հայրենիքը իրար աւելի եւս կամրջելու միջոցներու վերաբերող նիւթեր:

ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը Պրն. Դեսպանին փոխանցեց ՌԱԿ-ի յանձնառութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը, ինչպէս միշտ՝ ապագային եւս իր աշխարհասփիւռ շրջանակներուն միջոցաւ զօրավիգ կանգնելու Հայրենիքին  եւ Արցախին:

Պրն. Դեսպանը շնորհաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր Վարչութիւնը, անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն՝ իր ազգանուէր առաքելութեան մէջ:

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին