Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Հայրենադարձ Նայիրի Մկրտիչեան Նշանակուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Համահայկական, Միջազգային եւ Եկեղեցական Կառոյցներու Հետ Կապերու Վարչութեան Պետ

Յունիս 24-ին, կառավարական յատուկ հրամանագրով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ նշանակուեցաւ  Նայիրի Մկրտիչեան։

Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է 1968 թուականին,  Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան  Գամիշլի քաղաքին մէջ:

2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի» «Լեզու եւ գրականութիւն» բաժինը:

2001 թուոականին վերջնական կայք հաստատած է Հայաստանի մէջ։

2003 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինը:

2001-2003 թուականներուն  եղած է ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» թերթի լրագրողը Հայաստանի մէջ:

2003 թուականէն առ այսօր Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի թղթակիցն է Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր թերթերու մէջ:

Երկու տարի եղած է Tert.am լրատուական կայքի արեւմտահայերէն բաժնի խմբագիր:

2012 թուականին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ եւ Սփիւռքի առաջին արեւմտահայերէն «Եռագոյն» լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած է այդ կայքին խմբագիրը:

2014-ի Սեպտեմբերէն 2016-ի Յունուարը վարած  է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր  խմբագիրի պաշտօնը:

2016-ին նշանակուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ:

Կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն, արաբերէն,  քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:

Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին