Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր, այլ` կապրուի» Լուսոյ Տաճար

                                                *ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Պէյրութի օդակայանը նոր շինուած էր: Այդ շրջանին համար մեծ եւ փառաւոր օդակայան մըն էր: Օդակայանին մէջ կը մտածէի, որ եթէ Պէյրութի օդակայանը այսքան մեծ եւ գեղեցիկ է, հապա Նիկոսիոյ օդակայանը ի՛նչ պիտի ըլլար: Հաւանաբար անգլիացիները Միջին Արեւելքի լաւագոյն օդակայանը շինած են հոն…։

“Helen of Troy” ֆիլմը նոր տեսած էինք: Յոյն աղջիկները գեղեցիկ, կարճ փէշերով, գեղեցիկ սրունքներով, սանտրուած մազերով, ամէն անկիւնադարձին չաստուածուհիներու պէս քեզ պիտի դիմաւորեն: Ի~նչ բախտաւոր էինք, որ յունական երկիր մը կ’երթայինք դիմաւորուելու հիւրընկալ հելէնուհիներու կողմէ:

Մէկ ժամէն հասանք Նիկոսիոյ օդակայանը:

Մեծ մօրս հաւնոցէն քիչ մը աւելի մեծ, չէ՝ բաւական մը աւելի մեծ, հաւնոցի նմանող շէնք մըն էր Նիկոսիոյ օդակայանը: Ուզեցի ենթադրել, որ մեզի՝ աշակերտներուս «հին» օդաակայնը իջեցուցած են: Իմացայ, որ չէ, ա՛յս էր Նիկոսիոյ միակ օդակայանը…։

Պրն. Սեպուհ Աբգարեանը եկած էր մեզ դիմաւորելու: Երիտասարդ, շատ համակրելի, գեղադէմ եւ ազնիւ անձ մըն էր: Այդ տարիներուն Մելգոնեանի դիւանապետն էր ան: Անցագրերու եւ վալիզներու հարցերը կարգադրելէ ետք ելանք դուրս:

Պասի մը մէջ տեղաւորուեցանք եւ ճամբայ ելանք: Ես պատուհանին քով նստայ, որպէսզի հելէնուհիները տեսնեմ, եւ չես գիտեր, կրնար բախտս ժպտիլ: Ճամբան ցնցոտիներ հագած, յոյն ծերուկ կիներ ճամբաները կ’աւլէին: Հին տուներու առջեւ խեղճ ու կրակ կիներ, ծերունիներ նստած։

Կ’երեւայ Տրովաթայի պատերազմին բոլոր գեղեցիկ յոյն աղջիկերը գերեւարուած էին…։

Հեռուն երեւցաւ Մելգոնեանի ջրամբարը: Նախկին աշակերտները սկսան պոռչտալ – «ջրամբարը, ջրամբարը» եւ ուրախութիւն, ծափահարութիւններ: Ենթադրեցի, որ ճիշդ որոշում մը առեր եմ Մելգոնեան գալով:

Եւ մտանք Մելգոնեան:

Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներու նորակերտ դամբանը, բարերարներու վեհանիստ կիսանդրիներով ՝ մեզ դիմաւորեցին: Ի~նչ վեհաշուք պատկեր: Ճերմակ մարմարով, քանդակներով եւ ուժի ցուցադրիչ հիւսուածքներով բարձրացած, Մելգոնեան եղբայրներու կիսանդրիները  խորհրդաւոր լրջութեամբ, բայց բարեացակամ ժպիտով կը դիմաւորեն եւ բարիգալուստ կը մաղթեն քեզի։ Ի~նչ պատիւ որեւէ հայ պատանիի համար, որ կ’արժանանար Մելգոնենացի ըլլալու պատուին, եւ հազիւ Մելգոնեան մտած, ազգին մեծագոյն բարերարներէն երկուքը զինք կը դիմաւորեն, սիրով եւ գուրգուրանքով: Մելգոնեան եղբայրները, կիսանդրիներու աչքերով, գաղտնի ժպիտով մը կը դիտէին մեզ եւ կարծէք «բարի եկաք» կ’ըսէին: Բարութիւն մը կը հոսէր այդ կիսանդրիներէն: Ապահով կը զգաս, որ երկու հսկաներ քու պաշտպաններդ են այլեւս: Վախնալու պէտք չունիս: Անոնք, իրենց անտեսանելի ձեռքերով կը գրկեն քեզ, հոգիդ կը ջերմացնեն եւ քեզ կ’առաջնորդեն դէպի աղբիւրը լոյսին: Եւ կարծես մէկ պատգամ, մէկ խնդրանք ունին քեզմէ – Մարդ եղիր եւ Ազգիդ վրէժը լուծէ Թուրքէն՝ լաւ հայ ըլլալով:

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան շրջապատը իր ճարտարապետական լուծումներով՝ ազգային տաքուկ աւանդութեան շունչը կը փոխանցէր մեզի: Դպրոցին մուտքէն կը սկսի այդ խորհրդաւոր վեհութիւնը:  Այդ եղաւ իմ առաջին տպաւորութիւնս՝ երբ 1961-ին առաջին անգամ Մելգոնեան մտայ: Ապա դամբանին երկու կողմերը եռայարկ, փառաւոր զոյգ շէնքերը Մելգոնեանի, ձախին՝ աղջկանց, աջին՝ մանչերունը, իրենց յատուկ ճարտարապետական ոճով, գեղեցիկ, աստիճանաւոր եւ կիսագմբեթաձեւ մուտքով, կ’իշխեն շրջապատին վրայ: Շէնքերու առջեւ բացուող պուրակները կարծես զիրենք ցանող որբերուն լեզուներով՝ բարի գալուստ կը մաղթեն քեզի եւ կը յուշեն, որ «ազգիդ վրէժը լուծելու չմոռնաս…»։

Զոյգ շէնքերը Մելգոնեանի…։

Պէյրութի մեր փոքր տուներէն ետք, վեհանիստ այդ շէնքերը, թառած Նիկոսիայէն դէպի հարաւ – արեւելք, Լիմասոլի ճամբուն Ծաղկաբլուրի գագաթին՝ պատկարանք կ’ազդէին նորեկներուս վրայ: Կարծէք անոնք համբերութեամբ մեզ կը սպասէին: Ի՜նչ փոթորիկներ զարնուէր ու անցեր էին անոնց պատերէն: Ի՜նչ վաստակաւոր ուսուցիչներ իրենց շունչը եւ հոգին թողած էին հոն՝ դպրոցը յաճախող հայ պարման-պարմանուհիներու հոգիները ազնուացնելու եւ միտքերը լուսաւորելու: Ի՜նչ սէրեր փթթեր էին, ի՜նչ բանաստեղծութիններ գրուած ու այրած էին այդ զոյգ շէնքերուն մէջ:

Եւ հիմա, կարգը մերն էր: Մեր սերունդն ալ պէտք էր առնէր, պէտք էր ըմպէր այդ լոյսէն, եւ ապա, օր մը, տեղ մը, լո՛յս տար իր շրջապատին:

Մելգոնեանի շէնքերը երայարկ էին: Մանչերու շէնքին գետնայարկը (կամ առաջին յարկը) բաղկացած էր ճաշարանէն, «ակումբ»էն, վալիզանոցէն, երաժշտանոցէն, սափրիչատունէն եւ գիտաշխատանոցներէն: Երկրորդ յարկին վրայ կային Տնօրէնին գրասենեակը, դիւանը, ուսուցչարանը, հերթապահին գրասենեակը, վարժապետանոցը, օժանդակ դիւանատունը, զանգակատունը եւ դասարանները: Երրորդ յարկին վրայ էին ընդարձակ սերտարանը եւ ննջարանը իր յարակից սենեակներով: Աղջկանց շէնքին մէջ էին գլխաւորաբար գրադարանը, «Իւթիւճեան Թանգարան»ը, երգչախումբին սենեակը, դասարաններ եւ հանդիսասրահը:

Մելգոնեանի զոյգ շէնքերէն զատ, Հաստատութեան տարածքին վրայ կար գլխաւորաբար Բարերարին Վիլլան, որ օրուան Տնօրէնին բնակարանն էր, նաեւ հիւանդանոցը, խոհանոցը, ուսուցիչներուն շէնքը, սկաուտարանը, Լիմասոլի ճամբուն վրայ երկու փոքր տուներ, երրորդ տուն մը (ճերմակեղէնի օրիորդին…), ջրամբարը, արհեստանոցը եւ… նախկին խոզանոցը:

Պրն. Արամ Սարգիսեանն էր հերթապահը: Վալիզները քննուելէ ետք ելանք ննջարան: Մահճակալ, անկողին, պահարան կարգադրելէ ետք իջանք ընթրիքի:  Միջնայարկի միջանցքին մէջ շարուեցանք: «Փարք Քեզ Տէր Աստուած Մեր»ը աղօթեցին (ես չէի գիտեր տակաւին), գացինք ճաշարան եւ տեղաւորուեցանք: Նորէն աղօթեցինք, այս անգամ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ»ը: Առաջին անգամ ըլլալով Մելգոնեանի  թէյը, հալլում պանիրը, սալամին եւ քանի մը հատ ալ կանանչ ձիթապտուղը ճաշակեցի: Շատ համով էր մանաւանդ ցորենի հացը եւ թէյը:

Երեկոյեան ննջարանի անկողիններուն վրայ թէ վարը դասարաններուն մէջ, նախկին Մելգոնեանցիները՝ հիները, իրենց տաքուկ յուշերը եւ ամրան ընթացքին իրենց «հերոսութիւնները» կը պատմէին իրարու: Նորերս ապշած, նախանձով կը դիտէինք զիրենք: Ե՞րբ մենք ալ պիտի կարենայինք այս խանդավառութեամբ, այս ջերմութեամբ զրուցել իրարու հետ:

Մանչերու ննջարանը ընդարձակ տեղ մըն էր, ֆութպոլի կէս դաշտի չափ: Անկողինները շարուած էին դասարաններու շարքով: Պատերուն տակ շարուած էին պահարանները: Սկսած էինք վալիզները պարպել, տեղաւորել պահարաններուն մէջ: Աղմուկ, աղաղակ, իրարանցում, խնդուք, վազվզուկ, Աստուած իմ, ինչ «թաշխալայ» է այս: Սակայն այս ընդհանուր իրարանցումին մէջ նշմարեցի, որ մեծ տղաքը, հին աշակերտները կ’օգնէին նորեկներուն:

Ճրագամարէն ետք փսփսուքները շարունակուեցան տակաւին, բայց շուտով լռութիւն տիրեց եւ… «Գիշեր Բարի»:

Լոս Անճելըս
2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին