Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2016-ին, Կեդրոնական Պէյրութի միակ հայկական վարժարանը՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճը ազգին տուաւ իր 88-րդ հունձքը, արդիւնք՝ պարարտ հողի, անխոնջ մշակներու եւ աստուածային «օրհնութեան անձրեւներու»:
Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրուան զուգադիպող սոյն հանդիսութիւնը, հետեւաբար նուիրուած էր Հայց. Աւետ. եկեղեցւոյ 170-ամեակին եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու 25-ամեակին: Հանդիսութեան ներկայ էին ՄԱՀԱԵՄ Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտօսթեան, զօր. Յ. Կէօքկէօզեան, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ պր. Յակոբ Թերզեան, հոգեւորականներ, կրթական պատասխանատուներ, դպրոցի եւ Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հոգաբարձուներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
«Արցախի ճակատը կ’երկարի մինչեւ սփիւռքահայ դպրոց» կարգախօսով յատկանշուող հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւարտներու, ուսուցչակազմի եւ տնօրէնութեան հանդիսաւոր մուտքով, որմէ ետք Աստուածաշունչէն ընթերցում կատարեց ու աղօթք մատոյց՝ Գոլէճի հոգեւոր հովիւ տիկին Կարինէ Չոլաքեան, որմէ ետք հիւր բանախօս դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան ներկայացուց հայ աւետարանական՝ բարեկարգեալ շարժման նպաստը հայ ժողովուրդի տարբեր ասպարէզներու բարեկարգումին: Ան յատկապէս կարեւորեց Աստուծաշունչի աշխարհաբար թարգմանութիւնը, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, կրթական նոր դրութեան որդեգրումը, Հայց. Աւետարանական եկեղեցւոյ ծառայասիրական առաքելութիւնը: Ըլլալով «դաստիարակող եկեղեցի» մը, Ճէպէճեան նշեց, որ էքիւմէնիզմի, ազգային ինքնագիտակցութեան եւ հանդուրժողութեան ոգին մեծապէս կը կարեւորուին Հայց. Աւետ. Եկեղեցիին կողմէ: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, բանախօսը ըսաւ. «Դուք, սիրելի՛ շրջանաւարտներ, այս արժէքներով դաստիարակուեցաք այս վարժարանին մէջ… Ստեղծեցէ՛ք Բարին, այսինքն՝ Զօրութիւնը, որ կը շինէ եւ ոչ թէ կը քանդէ»:
Անուանակիր մրցանակներու բաշխումէն ետք, յանուն շրջանաւարտներուն, ուղերձներ յղեցին Դալար Հայտօսթեան (հայերէն) եւ Լարա Կիւլիւմեան (արաբերէն): Հուսկ, փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան հրաւիրեց տնօրէնը՝ կատարելու վկայականներու բաշխումը:
Գոլէճի բազմավաստակ տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան շրջանաւարտներուն ուղղած իր հուսկ բանքին մէջ թելադրեց շրջանաւարտներուն, որ իրենց յառաջիկայ տարիներուն համար ճշդեն իրենց նպատակակէտերը, հետեւելով Աստուծաշունչէն բխող արժէքներու: Ան յիշեցուց, որ իրենք այս դպրոցէն ստացած են անհրաժեշտ ստորոգելիները «լաւապէս պայքարելու, քարացած մտայնութիւնները փշրելու, բարիին գործակից ըլլլալու» համար: Տնօրէնը կարեւորեց խոնարհութիւնն ու ծառայասիրութիւնը, որոնք կեանքի մնայուն արժէքներ նկատեց: Դոկտ. Մսըրլեան պատուիրեց շրջանաւարտներուն «աչքի բիբի պէս գուրգուրալ ազգին», եւ իրենց կարելին ընել Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատին համար ու «հաւատարիմ մնալ անշիրիմ մնացած մեր սուրբ նահատակներուն կտակին»:
Հանդէսին գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Զ. կարգի աշակերտները՝ արտասանութեամբ, «Ծիրանի» երգչախումբը՝ երկու խմբերգերով (խմբավար տիկին Նեկտար Փալազեան) եւ նորակազմ ՀԱԳ Սենեկային Համոյթը, որուն կը մասնակցէին շրջանաւարտ եւ ներկայ աշակերտներ՝ Կարին Հայտօսթեան, Մեղրի Պաղտոյեան, Արազ Տէմիրճեան, Քրիսթին եւ Կրէյս Մա’մարպաշիներ, որոնք ջութակներով եւ դաշնամուրով մեկնաբանեցին «Մեր Հարց Հաւատք» (Ուոլթըն) եւ «Կտոր Մը Երկինք» (Մանսուրեան) նուագները: Սոյն համոյթին գեղարուեստական ղեկավարն էր նոյնպէս ՀԱԳ-ի շրջանաւարտ մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանը:
Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Հրայր Չոլաքեանի փակման ու շնորհակալիքի խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը:
Զ. Կարգի ընթացաւարտներն էին՝Ապաճեան Փաթրիսիա (յիշտկթ.), Գայմագամեան Արմէն, Գարամանուկեան Նարէ, Գրիգորեան Գրիգոր, Զէյթունցեան Էլվիրա, Պօղոսեան Նոէմի եւ Քէօշկէրեան Լոռի (յիշտկթ.):
Իսկ 12-րդ կարգէն շրջանաւարտ եղան՝ Կիւլիւմեան Լարա, Հայտօսթեան Դալար, Մխսեան Մայք, Մկրտիչեան Ճօրճ, Պապիկեան Լեւոն, Ստեփան Սինթիա, Տէրտէրեան Նարեկ, Օհանեան Լիլա: