Շաբաթ, 2 Յուլիս 2016-ին, «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն այցելեցին Ընկ. Եւ Ընկհ. Վարդան եւ Ռոզէթ Ուզունեանները, որոնք իրենց շրջան այցելութեան ծիրէն ներս Պէյրութ կը գտնուին:
Ընկեր Վարդան Ուզունեան Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոնտոն Թրասթի ատենադպիրն է, իսկ Հայրենիքի մէջ՝ մշակութային ու մարդասիրական անզուգական աշխատանք տանող «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի նախագահը: Ան արժանաւոր գանձապահն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Վարչութեան:
Միութենական եւ կուսակցական տեսլականի տէր ընկեր Ուզունեանի հետ զրոյցը կեդրոնացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոնտոն Թրասթի եւ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ապագայի հեռանկարներուն վրայ:
Ընկեր Ուզունեանէն իմացանք մանրամասնութիւններ Հայաստանի «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունեցող «Վահան Թէքէեան անուան 5 վարժարաններու աշակերտութեան մարդակերտման եւ ուսումնական կարիքներուն վերաբերող աշխատանքներուն մասին, որոնց լրատուութեան արդէն իսկ լայն տեղ կու տանք «Զարթօնք»ի էջերուն մէջ մեր ընթերցողները իրազէկ դարձնելու անոր նորութիւններուն:
Ինչ կը վերաբերի ՌԱԿ-ին, ընկեր Ուզունեան շարունակելով իր շրջապտոյտը նպատակադրած է զարկ տալ ՌԱԿ-ի Եւրոպայի շրջանակներու վերաաշխոյժացման:
Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Հրայր Հովիւեանը եւ «Զարթօնք»ի հրատարակիչ՝ «Շիրակ» ընկերակցութեան տնօրէն ընկ. Արտեմ Պիւլպիւլեանը:
Բարի կեցութիւն մեր սիրելի ընկեր եւ ընկերուհի Ուզունեաններուն:
«Խմբ.»






