Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Մնա՞լ, Թէ Չմնալ. Սուրիահայ Ընտանիքին Համար Բախտորոշ Հարցը

Սուրիահայ Ալպերթ Թաշճեանի ընտանիքը կ’ապրի Արմաւիրի քաղաքին մէջ՝ կնոջ տունը: Մարզին մէջ ապրող  միւս սուրիահայերուն համեմատութեամբ ան բնակարանի վարձ չի տար, ունի մշտական աշխատանք, սակայն Հայաստան մնալու կամ Սուրիա վերադառնալու հարցը դեռ  անորոշ է իրեն համար: Ապրելու  դժուարութիւնները կը յաղթահարէ, սակայն  մտահոգուած է իր զաւակին ապագայով, կը գրէ armradio.am-ը:

Մարինէ Թաշճեանը 4.5 տարեկան է, հայրը սուրիահայ է, մայրը`  Հայաստանէն:  Արդէն 3.5 տարի կ’ապրին Արմաւիր քաղաքին մէջ:  Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալող պատերազմական գործողութիւնները ստիպեցին անոր ընտանիքին  լքելու բնակավայրն ու տեղափոխուելու Հայաստան:  Հայրը` Ալպերթ Թաշճեանը դեռ 2008 թուականին ուզած էր մշտական բնակութիւն հաստատել Հայաստան, գործ հիմնել ու աշխատիլ:

Այդ ժամանակ եթէ աշխատանք գտնելու եւ մշտապէս Հայաստան ապրելու գործը չյաջողեցաւ, ապա անձնական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրը լուծուեցաւ: Ան ամուսնացած է ՀՀ քաղաքացուհիի հետ, ստացած է երկքաղաքացիութիւն, իսկ երկու տարի անց նորէն վերադարձած Սուրիա: Սակայն  Սուրիոյ մէջ քաղաքական  իրադարձութիւններու  շրջուն փոփոխութեան, պատերազմական գործողութիւններու ծաւալման պատճառով ճակատագիրը զինքն նորէն բերաւ Հայաստան:

Ալպերթ Թաշճեանի ընտանիքը ապրած է Սուրիոյ Հալապ քաղաքի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ: Պատերազմական գործողութիւններու սկիզբէն իրենք տեղափոխուած են Հայաստան: Միւս սուրիահայերուն համեմատութեամբ ունի մշտական աշխատանք: Տեղեկատուական արուեստագիտութեան ոլորտի մասնագէտ է, կ’աշխատի մասնաւոր  ընկերութեան մէջ, բացի այդ`  կը զբաղի լուսանկարներու համակարգչային ձեւաւորումով: Հնարաւորութեան սահմաններու մէջ կրնայ ապահովել իր ընտանիքին ապրուստը:

Հայաստանի մէջ ապրելու կամ նորէն Սուրիա վերադառնալու հարցը Ալպերթի ընտանիքին համար դեռ անորոշ է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին