*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ամէն առիթով` ուրախ թէ տխուր կամ քաղաքական այսպէս կոչուած առաջնորդի մը հեռատեսիլէն սփռուած խօսքի պահուն, հրազէնով օդը կրակելու սովորութեան վրայ վերջերս եկաւ աւելնալու նաեւ՝ լիբանանեան պետական քննութիւններուն յաջողողներու ընտանեկան պարագաներուն եւ դրացիներուն օդը կրակոցները…:
Վերոյիշեալ կրակոցներուն վրիպած փամփուշտներու զոհերուն վրայ եկաւ աւելնալու՝ Պէյրութի Նուէյրի շրջանին մէջ 8 տարեկան մանուկի մը սպանութիւնը, որ զոհ գնաց այսպէս կոչուած «ուրախութեան» համար արձակուած վրիպած փամփուշտի մը…:
Այսինքն աշակերտ մը զոհուեցաւ ուրիշ աշակերտի մը յաջողութեան առիթով…:
Չհասկնալով կապը ակադեմական յաջողութեան եւ զինեալ ցուցադրութեան միջեւ, ցաւելով կը ցաւիմ պատահարին ու ինկած անմեղ զոհին համար, որ մեզմէ ոեւէ մէկուն հարազատը կրնար ըլլալ՝ ներառեալ կրակողինը…:
Պատահածը արկա՞ծ է, թէ սպանութիւն: Իմ կարծիքով առաջին կարգի ոճիր է, որուն հեղինակը կամ հեղինակները պէտք է պատժուին՝ որպէս դիտաւորեալ սպանութեան միտող անձինք, որովհետեւ զէնք շալկողը սկզբունքով խելահաս անձ մը պէտք է ըլլայ եւ լաւ գիտակցի, թէ իր կրակած փամփուշտը, թէկուզ օդը, պիտի տեղ մը իյնայ եւ այդ տեղը ութնամեայ անմեղ մանուկի մը գլուխը կրնայ ըլլալ..:
Մինչեւ ե՞րբ այս տհասութիւնը…:






