Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

«Քաջալերե՛Նք…»

*ՏՈՔԹ. ՃՕՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*

Ոեւէ մէկուն «խօսք զարնել» չէ նպատակս, պարզապէս միութենական գործունէութեանս անցեալէն դրուագ մըն է հետեւեալը, որ յաճախ կը պատահի, եւ ենթակայ է ապագային ալ կրկնուելու։

− Ընկեր Կարեւորեան, որպէս վարչութեան անդամ, ձեզմէ ուզեցինք սկսիլ. եկած ենք ձեռնարկի տոմսեր առաջարկելու, 10 օր ետք՝ Շաբաթ երեկոյեան, ակումբիս մէջ, տղաքը Պարոնենանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»-էն հատուածներ պիտի ներկայացնեն, իսկ տիկիններն ալ հիւրասիրութիւն եւ ճոխ ընթրիք պատրաստած են։ Տոմսերուն գինը՝ զոյգը մէկ հոգ **.

− Լա՛ւ գործի վրայ էք. ճիշդը մենք այդ օրերուն ճամբորդ կþըլլանք, բայց վնաս չունի… քաջալերե՛նք, տուէք մէկ տոմս, ահա կէս հոգ, եթէ գալիք ըլլանք դռնէն կ՛առնենք երկրորդը։

− Բայց երանի՜ նախօրօք գիտնանք որ տեղերը դասաւորել կարենանք. գուցէ ձեր տղան ու աղջիկը գան…

− Կþըսենք իրենց… անոնք ալ շատ զբաղ են՝ համալսարան, դաս, գործ… նայինք, բան մը կþընենք. պէտք է իրենք ալ քաջալերել սորվին։ Որպէս պատասխանատու ան ալ ըսենք՝ սուղ ըրեր էք, քիչ մը աւելի աժան սակ որոշեցէք որ աւելի շատ մարդ գայ…։

Ընկեր Կարեւորեանը «որ երբեւէ ճամբորդելու սովորութիւն մը չէ ունեցած» մեծ քիթով, գիրուկ, թաւ պեխով, կարմիր ֆէս-ով, կերպաս ժիլէ-ով ու գրպանի ժամացոյցով մէկը չէ, այլ` սովորական տաբատ ժաքէթ-ով, արդիական գրասեղանի մը վրայ լափթոփ- ին դիմաց նստած մարդ մը, որ վարչական ըլլալով պիտի քաջալերէ ձեռնարկը՝ կէս հոգ−ով։ Ան տոմսակին գինը պիտի «ողորմութիւն ընէ» ոչ թէ իր ժամացոյցի գրպանէն «կէս մէճիտէով» մը, այլ նոյն տրամադրութեամբ՝ կողքի գզրոցէն պիտի շնորհէ, իսկ գումարը՝ պիտի ստանան իր ակումբի տղաքը, որոնք լուսանկարիչի խցիկով զինք ոտքի, նստած, եւ իր 40 ոչխարներուն ու ծառաներուն հետ նկարելու չեն եկած, կամ իր մասին չափածոյ մը հիւսելով թերթին մէջ տպագրելու համար գումար չէ իրենց խնդրածը, այլ` եկած են զինք յարգելով անձնապէս հրաւիրելու միութենական ձեռնարկի մը, որպէսզի ան յետոյ չակնարկէ թէ «ձեռնարկէն տեղեակ ըլլալով հանդերձ չգացի, որովհետեւ զիս պաշտօնապէս տեղեակ պահող եւ հրաւիրող մը չեղաւ… այս ի՜նչ անպատասխանատուութիւն է, ինչպիսի՜ ոտնձգութիւն, մարդ յարգել չեն գիտեր…»։

Բայց տակաւին ասոր չէ որ կþակնարկեմ, այլ՝

Արտասանուած նախադասութեան կամ բառի մը իմաստն ու նշանակութիւնը յաճախ կախում ունի անոր արտասանման շեշտէն, ոճէն ու եղանակաւորումէն. օրինակ՝ պարզ շնորհակալութիւն մը որ կը յայտնուի երախտագիտական ոճով, բոլորովին չի հաւասարիր հեգնանքով արտայայտուած այն շնորհակալութեան, որ յաճախ խօսքով ապտակելու համազօր է։

«Քաջալերե՛նք…»

Ազնիւ տրամադրութիւն մըն է քաջալերելը՝ երբ փոքրիկի մը գծածը գերագնահատելով «Այս ի՛նչ անուշիկ գծեր ես, մեծնաս անուանի նկարիչ մը պիտի ըլլաս» կ’ըսես: Ոտանաւորին վերջին տունը մոռցած պատանիին թոթովանքը նկատելով, ծափել կը սկսիս ու «Ապրի՛ս» կը բացագանչես: Սկսնակ բանաստեղծի մը «արձակ չափածոն» չհասկնալով հանդերձ, «Հոյակա՜պ» կամ «Ժամանակակից շունչ ունի» ըսելով, կը գնահատես։ Բայց երբ «Քաջալերե՛նք» մը կը շպրտուի, առոգանութեամբ մը որ ըսել կ’ուզէ՝ «Նորէ՜ն եկաք դրամ գանձելու, արդէն մեր տրամադրածը եթէ չըլլար, ոչ ա՛զգ կը մնար, ո՛չ ալ Հայութիւն, այս կազմակերպութիւնն ալ սնանկացած էր… կը մնայ որ մեզ գնահատէք, այնպէս ինչպէս մեր աշկերտը երախտագիտութեամբ մեր ձեռքը համբուրեց, երբ իր մօրը դեղերուն դրամը վճարեցինք քանի մը օր առաջ», հոս արդէն պարանը կը փրթի…։

Սկսինք ընկեր Կարեւորեանին, սեփական անձին մասին խօսելու ընթացքին օգտագործած յոգնակի թիւով գոյականէն, որ մէկ բառով «մեծամտութիւն» կը կոչուի։ Եւ ինչու՞ ոչ, չէ որ ան պարզ անդամ մը համարուելէ աւելի վեր է՝ նուազագոյնը… անդամական ամբողջ ժողովի մը տարողութիւնը ունի, կամ, առ նուազն շրջանային վարչութեան մը համազօր է, ինչպէ՞ս կրնայ եզակի թիւ գործածուիլ նման մեծութեան մը մասին խօսելու ժամանակ։

Անցնինք բուն նիւթին։ Վերոյիշեալ «անդամական ժողովին» տրամադրած «կէս մէճիտէն» եթէ չըլլա՛ր, ոչ կազմակերպութիւ՛ն կը մնար, ոչ ալ Հայութիւն…։ Լաւ, եթէ հարցը հոն հասնէր, ապա մեր ընկեր Կարեւորեանը նման պարագային իր դիմագիծը պիտի կորսնցնէր, եւ ի սպառ պիտի վերանային ազգային իր պատկանելիութեան հպարտութիւնն ու ոյժը, բաներ որոնք տեղաբնակներէն գերադաս ըլլալու տրամադրութիւն մը կու տան անոր, եւ նոյնիսկ շուկայի վրայ որոշ առաւելութիւններ՝ «Արմանի կամ Արմինիըն» ըլլալուն շնորհիւ։ Այդ ժամանակ որքան ալ հոգ տրամադրելու պատրաստ ըլլար, իրեն ո՛չ տոմս ծախող պիտի գտնուէր, ոչ ալ` հայերէնով բարեւող ու «ընկեր Կարեւորեան» ըսելով մարդու տեղ դնող: Վիճակ մը՝ որ արդէն գոյանալու ընթացքի մէջ է սփիւռքի բոլոր գաղութներէն ներս, եւ որոշ տեղեր ալ կայացած ու անցած է շատոնց։ Այդ ժամանակ ընկեր Կարեւորեանը կը հասկնար թէ ի՛նչ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ, «նոյնիսկ երկիւղածութեամբ» պէտք էր վերաբերէր հետն այդ «տոմսավաճառներուն», որոնք գործ, տուն, տեղ ձգելով կը վազվզէին միութենական ու ազգային շահերու համար՝ առանց ակնկալութեան, գուցէ վարչական պաշտօնի մը ձգտումով, կամ ապագային միութենական ղեկավար մը դառնալու արդարացի նպատակով. վերջապէս գաղութիս համար անհրաժեշտութիւն մըն է ղեկավար ունենալը, եւ ո՞վ աւել արժանի է այդ հանգամանքին, եթէ ոչ՝ աշխատող ու նուիրուող անդամ մը։

Սփիւռքի մէջ Հայկական ինքնութիւնը պահպանող ու ձեւաւորող դպրոցները, ակումբներն ու եկեղեցիները կը շարունակեն գոյատեւել նուիրեալ այդ տղոց վազվզուքներով, որոնց շնորհիւ ալ ընկ. Կարեւորեանը, կը շարունակէ պահել իր ազգային դէմքն ու ինքնութիւնը՝ տեղաբնակ այլազգիներուն մէջ եւ «շուկայի վրայ»։ Հետեւաբար ան ոչ թէ «վնաս չունի… քաջալերե՛նք» պէտք է ըսէ, այլ` անգիր ըրած աղօթքի մը պէս պէտք է կրկնէ՝ «Պարտքս է մասնակցիլ միութենական գործունէութեան, որ սփիւռքի մէջ կ’ապահովէ ազգային պատկանելիութիւնս ու ինքնութիւնս»։ Բայց եկուր տես որ, իր Ես-ը ընդհանուրէն բարձր գերադասելու, եւ գաղութը իրեն պարտական համարելու, ողորմութիւն տուողի հոգեբանութեամբ, «քաջալերել» կը շարունակէ, զայն սորվեցնելով նաեւ իր զաւակներուն։

Որպէս վերջաբան… բայց ի՞նչ իմաստ ունի վերջաբան տրամադրել երեւոյթի մը՝ որ վերջ պիտի չունենայ…։ Ինչեւիցէ, խուսափելու համար շարադրութեան դասախօսիս խեթ հայեացքէն, կրնամ հետեւեալ վերջաբանը տալ. ընկեր Կարեւորեան իսկապէս կարիքը չունէր Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»էն հատուածներ դիտելու, հետեւաբար պէտք ալ չունէր անոր համար դրամ տրամադրելու եւ ակումբ ժամանելու, որովհետեւ չունենալով հանդերձ մեծ քիթ ու թաւ պեխ, ան ամէն առաւօտ Աբիսողոմ աղային երեսը կը տեսնէր արդէն… ածիլուելու ժամանակ։

** Հոգ։ Պայմանական դրամանիշ, որ տարածուած է սփիւռքեան բոլոր շրջանակներուն մէջ։ Անոր գնողական արժէքը փոփոխական է, ըստ վայրի, այնպէս որ՝ ամէն մէկ հոգ, կը հոգայ տեղւոյն Հայ վարժապետի մը թոշակին երկու տոկոսը, որ հաւասար է Հայկական ակումբի մը ելեկտրական հոսանքի երկու ժամուայ փոխարժէքին, կամ շաբաթը անգամ մը տեղւոյն եկեղեցոյ բակն ու գաւիթը լուալիք ջուրի գինին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին