Արագածոտն մարզի Կարմրաւորի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքին հատուածին պահպանուած որմնանկարներու մաքրման եւ վերականգնման աշխատանքները աւարտած են:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ Իտալիայէն ժամանած ճարտարապետ Արա Զարեանի ու որմնանկարի վերականգնող մասնագէտ Քրիսթին Լամուղէի ջանքերով՝ Կարմրաւոր եկեղեցւոյ մէջ արդէն տեսանելի են ճարտարապետական փոքր գլուխգործոցի ներքին նկարազարդման բարձր արուեստի մասին վկայող տասը սրբապատկերները:
Եկեղեցւոյ հիւսիս- արեւմտեան պատին պատկերուած է ձի հեծած ու թուրը ձեռքին Սբ. Գէորգ զօրավարը, իսկ հարաւ-արեւմտեան պատին ձի հեծած, մանուկը գիրկին, նետը ձեռքին պահած Սբ. Սարգիս զօրավարի պատկերագրութիւնը:
Գմբեթարդը կեդրոնական մասը զարդարուած է «Քրիստոսը փառքի մէջ» որմնանկարով, իսկ կամարակապի հիւսիսային եւ հարաւային հատուածներուն համապատասխանաբար Մարիամ Աստուածածինի ու Սբ. Յովհաննէս Մկրտիչի որմնապատկերներն են:
Ժամանակի ընթացքին բոլոր որմնանկարները կորսնցուցած են իրենց երանգները եւ այսօր կը ներկայանան մեծ մասամբ սեւ- սպիտակ գոյներով: Զբօսաշրջիկները եւ ուխտաւորները այսուհետեւ պիտի կարենան տեսնել եւ գնահատել Կարմրաւորի եկեղեցւոյ ներքին գեղարուեստական մեծ արժէք ներկայացնող որմնանկարները: