«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի անհատ բարերարներու նուիրաբերած 2 միլիոն դրամին համարժէք գումարը փոխանցուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին զոհուած 10 արցախցիներու ընտանիքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հիմնադրամի պաշտօնական կայքը:
Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան կը նշէ, որ Գերմանիոյ հայ համայնքը մեծ ցաւ ապրեցաւ ապրիլեան դէպքերու առընչութեամբ եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ հաւաքագրեց գումար մը, որ կը ծառայէ որոշ չափով թեթեւցնելու այս ընտանիքներուն օրուայ հոգը:
Գերմանիոյ տեղական մարմինը կը շարունակէ ընկերային այլ ծրագիրներու իրականացումը: Գերմանահայ համայնքի միջոցներով 2015-ին Կիւմրիի երկու անօթեւան ընտանիք ստացած է նոր, կահաւորուած բնակարաններ: Կիւմրեցի եւս երկու ընտանիք, անոնց օժանդակութեամբ, յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղափոխուին նոր բնակարան: