Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Չինաստանի Հայկական Համայնքը Դրամահաւաք Կազմակերպած է Արցախի Համար

Չինաստանի Հայկական համայնքը Արցախին օժանդակելու համար կազմակերպած է դրամահաւաք, որուն իբրեւ արդիւնք հաւաքուած գումարը փոխանցուած է Արցախի կառավարութեան կողմէն հաստատուած հաշուեհամարին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Դրամահաւաքը իրականացած է առցանց եղանակով, որուն մասնակցած են Չինաստանի մէջ ուսանող հայ ուսանողներն ու համայնքի անդամները:

Չինաստանի Հայկական համայնքը անկախ կազմակերպութիւն է, որ վերջին տարիներուն կը ծաւալէ աշխոյժ գործունէութիւն: Յատկանշական են երկրին մէջ բնակող հայերը միաւորելը, հեռաւոր Արեւելքին մէջ հայապահպանութեան նպաստելը, չինացի ուսանողներուն Հայաստանի մէջ ուսանելու համար կրթաթոշակի յատկացումը, Չինաստանի մէջ հայկական ներկայութեան պատմութեան վերաբերեալ «Կիւլպենկեան» հիմնադրամին հետ կատարուող ուսումնասիրութիւնները, Չինաստանի մէջ Հայկական ուսանողական միութեան գործունէութիւնը, Հայ հետազօտողներու եւ ուսանողներու ամենամեայ առցանց գիտաժողովը եւ այլն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին