ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերին 30 Յունիսին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը տեղեկացուցած է, որ Ճոն Քերին դրական գնահատած է այն փաստը, որ վերջին շաբաթներու ընթացքին հրադադարը շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին առաւելապէս կը պահպանուի եւ նախագահներուն կոչ ըրած է խուսափիլ լարուածութենէն՝ խաղաղ գործընթացը առաջ տանելու համար:
«Պետքարտուղար Քերին նախագահներէն խնդրած է իրագործել ստանձնած պարտաւորութիւնները, ներառեալ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած երկու միջոցները, որոնց մասին անոնք պայմանաւորուած էին 16 Մայիսին Վիեննայի մէջ եւ 20 Յունիսին՝ Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն:
Պետքարտուղարը վերահաստատած է ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը բովանդակային բանակցութիւններուն, որոնք կրնան համապարփակ լուծման բերել եւ կոչ ըրած է նախագահներուն շարունակել երկխօսութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ», – յայտնած է ԱՄՆ պետքարտուղարութեան խօսնակը:
Քերի-Սարգսեան հեռախօսազրոյցին մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը.
«Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերիի հետ: Զրուցակիցները անդրադարձած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, մասնաւորապէս` Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերզպուրկի մէջ կայացած հանդիպումներուն ժամանակ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին»: