*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Երբ Սբ. Պսակի հրաւէրի տոմս ստանամ, առաջին նայուածքս կ’ուղղուի տաճար բառին, թէ արդեօք ճի՛շդ գրուած է. քանի որ կարգ մը խաբուսիկ բառերու կողքի ա՛ն ալ գոյ է եւ երբեմն կը գրուի «ռ» տառով. Այլ խաբուսիկ բառ մըն ալ ծարաւ բառն է, որ գուցէ այնքա՜ն մօտիկ ըլլալուն համար ծառայ բառին, երբեմն դարձեա՛լ պատճառ կը դառնայ սխալմունքի: Ինչեւէ:
Ահա, Սբ. Պսակի հրաւէր մը. Ուղղագրական սխալ չկայ:
Վերջերս նման հրաւէրներ կ’եզրափակուին.- «Փափաքողներուն համար դրամատնային հաշիւ մը տրամադրուած է» նախադասութեամբ:
Ո՞վ չի փափաքիր նման առիթներու մասնակցիլ իր լումայով ալ, երբ մանաւանդ ի՛նք ալ նկատի առնուած է հրաւիրեալներու շարքին՝ իբրեւ հարսնեւոր, մասնակցելով «փափաքողներու» շարքին. ինչ որ իր փառասիրութիւնն ալ կը փայփայէ (այս ալ այլ տկարութիւն մարդկային մէկ բնաւորութեան, կամ՝ յատկութեան ըսենք, թեթեւցնելու համար զգացմունքները): Սակայն փափաքիլը՝ ուրիշ, կարելիութիւնը՝ ուրիշ:
Փափաքը ինչքան դռներ բացած է, ի՜նչ երազներ, որոնք սակայն մնացած են անկատար, կամ փշրուած՝ հազիւ ոտքի ելլելով քալելու սկսած… այս ապրումները վստահաբար շատեր ունեցած են, նոյնիսկ ամէնէն յաջողած անձը, զի փափաքը անթեւ՝ թռչունի նման կը թռչի անսանձ ու թեթեւ:
«Փափաքողներուն համար».. եւ ի հարկ է կա՛ն ու պիտի ըլլան անձեր, որոնք պիտի փափաքին ու սակայն… պիտի ներքնապէս ցաւին իրենց «պարտականութեան» թերացումին համար, ի հարկ է նայած անձին՝ առաւել կամ նուազ չափով:
Եւ… ոչ միայն հարսանեկան հրաւիրատոմսերու պարագային, այլ տնտեսական տագնապներու առընթեր պատերազմական անհանդարտ մեր վիճակը, մանաւանդ արցախեան հարցը, ինչպէս նաեւ հայրենի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան տնտեսական վատթար վիճակը որքան ալ խթանեն մեր փափաքները, կը մնան անլոյծ:
Դառնանք հարսանեկանին… «Ինչ որ ամրացած է չի խախտիր»-Լաօ Ցէ:
Մինչ այդ կեանքը կը քալէ մերթ այսպէս մերթ այնպէս, որուն հանդէպ խոնարհելով վերջ ի վերջոյ, ըսելու, Այո՛: