Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 30-ին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթըր Շթայնմայըրի հետ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտը կը մնայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կողմնակից` ընդգծելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ:
Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի խախտման հետաքննութեան մեքենականութիւններու մշակումն ու ներդրումը, որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ բանակցային գործընթացի յետագայ ընթացքին վրայ:
Հանդիպման մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասբշիկը եւ պաշտօնատար այլ անձեր: