Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոնի Հայերէն լեզուի դասերու 17-րդ տարեշրջանի մօտ 80 աշակերտներ, այս տարի դարձեալ սովորականի նման կանխօրօք սկսան իրենց պատրաստութեան, որպէսզի հաճելի ու ճոխ հանդէս մը ներկայացնեն իրենց ծնողներուն:
Շաբաթ 25 Յունիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, աշակերտները ժպտերես ու բարձր տրամադրութիւններով սկսած էին կատարել իրենց վերջին փորձերը եւ արդէն պատրաստ էին ընդունելու իրենց ծնողներն ու հարազատները, ներկայացնելու համար յատուկ յայտագիրը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան 25-րդ ամեակին:
Բացման խօսքը կատարեց հայերէն լեզուի դասատու Տիկին Յասմիկ Աւետիքեանը, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն: Ապա ան ներկայացուց անցնող տարեշրջանին ի գործ դրուած ծրագիրները: Անշուշտ այդ բոլորին մէջ յատկանշական ու հետաքրքրական էին՝
- Աշակերտութեան տուած այցելութիւնը՝ Կաթողիկոսարանի կազմակերպած գիրքի ցուցահանդէսին, ուր իւրաքանչիւր աշակերտ հաճոյքով ընտրած էր իր սիրած գիրքը:
- Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին առիթով աշակերտութեան այցը Կաթողիկոսարան, ուր երախաները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 1.5 միլիոն նահատակներուն:
- Կաղանդի եւ Սուրբ Զատկուան նուիրուած տօնակատարութիւններ:
Հանդէսի ընթացքին աշակերտները երգեցին եւ արտասանեցին Չարենցէն ու այլ հռչակաւոր հայ բանաստեղծներու գործերէ: Անոնք նաեւ Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Արցախի մասին աշխարհագրական տեղեկութիւններ փոխանցեցին ներկաներուն: Անոնցմէ շատերու շարադրութիւններն ալ տպուած էին տարեկան գրքոյկի մը մէջ: Վերջաւորութեան ըստ հայկական վարժարաններու սովորութեան, Տիկին Յասմիկ Աւետիքեան վկայականներ յանձնեց Ծաղիկ դասարանը աւարտող աշակերտներուն եւ գնահատանքի վկայագիրեր Կոկոն, Առաջին, Երկրորդ, Երրորդ, Չորրորդ, Հինգերորդ եւ Պատանինրու դասարաններու աշակերտներուն, որմէ ետք կարկանդակի հատում կատարուեցաւ:
Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տեմիրճեան Կեդրոնի Հայերէն լեզուի դասերու աշակերտներուն հրամցուցած տպաւորիչ հանդէսները, 17 տարիներէ ի վեր հաճելի եւ անկրկնելի տրամադրութիւններ կը ցանեն բոլորին հոգիներէ ներս: