*ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*
Շատոնց է հեռատեսիլէն ֆիլմ չեմ դիտեր այլեւս: Սինեմա ալ չեմ երթար: Լրատուական «ֆիլմերը»՝ անոնք որոնք աշխարհին անցուդարձերուն մասին կը խօսին ու կը պատմեն, աւելի հետաքրքիր են, շահեկան եւ ուսանելի: Համաշխարհայնացումը երկրագունդին բոլոր անցուդարձերը մէկ անվերջանալի ֆիլմի վերածեց: Այս ֆիլմը, որ սկիզբ ունի եւ միշտ նոր սկիզբ ունի՝ աւելի գրաւիչ է քան սիրիզները, գեղարուեստական ու փաստավաւերագրական ֆիլմերը:
Ըսէք ինծի՝ պատմութեան անցած ուեսթըրններէն (ըսել կ’ուզեմ քաուպոյական ֆիլմերը) ինչո՞վ ետ կը մնան երկրագունդիս որեւէ վայրին վրայ «ուեսթըրն»ի բովանդակութեամբ օրական պատահող ահաբեկչական գործողութիւնները: Նոյն տրամաբանութիւնը կիրառելի է մնացեալ ֆիլմերուն ալ համար: Բացառութիւնը թերեւս ֆութպոլն է, եւ ժամանակին մեր դիտած քարթոն-քոմիքները:
Եւ քանի որ լրատուութեան կը հետեւիմ միշտ ազգային ու մարդկային շահեկանութեան ելակէտերէն, ուզեցի հայուս հետ կիսել անցնող օրերուն պատահած Միացեալ Թագաւորութեան հանրաքուէին պատմութիւնը:
Ի՞նչ էր եղածը. Միացեալ Թագաւորութեան մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէով երկիրին ժողովուրդը որոշեց դուրս գալ Եւրոպական Միութենէն: Ժողովուրդին կամքը՝ վերիվարոյ 48-52 համեմատութեամբ թելադրեց, որ երկիրը դուրս գայ եւրոպական երազէն:
Բայց:
Բայց Միացեալ Թագաւորութիւնը կը բաղկանայ չորս պետութիւններէ՝ Ուէյլզ, Անգլիա, Սկովտիա եւ Հիւսիսային Իրլանտա: Այս չորս պետութիւններու բնակչութենէն Սկովտիոյ, մանաւանդ Հիւս. Իրլանտայի բնակչութիւնը աւելի մեծ համեմատութեամբ քուէարկած է յօգուտ Եւրոպական Միութեան մէջ մնալու: Բայց քանի որ Հիւս. Իրլանտայի եւ Սկովտիոյ բնակչութիւնը Միացեալ Թագաւորութեան բնակչութեան մեծամասնութիւնը չեն կազմեր՝ թացն ալ չորին հետ այրելու պէս, անոնք ալ ստիպուած են լքել Եւրոպական Միութեան հետ իրենց կեանքը հիւսելու երազը: Այլ խօսքով մեծամասնութեան կամքը կը պարտադրուի փոքրամասնութեան մը վրայ:
Հո՛ս է ուշագրաւ երեւոյթը:
Ո՛չ Հիւսիսային Իրլանտան, ո՛չ ալ Սկովտիան պատրաստ են նման բան մը ընդունելու: Երկուքն ալ որոշած են իրե՛նց հանրաքուէն կայացնել, որպէսզի իրե՛նք վճռեն իրենց ճակատագիրը, իրե՛նք ճշդեն թէ ինչպիսի կեանքի երազ կ’ուզեն հիւսել՝ իրենց եւ իրենց յետնորդներուն համար:
Օրինակա՞ն է ասիկա: Ժողովրդավարակա՞ն է ասիկա: Անշուշտ, առանց այլեւայլի:
Ամփոփեմ առայժմ ըսուածը: Մեծ միութենէ մը բաժնուուղ-անջատուող երկիր մը կայ: Այդ երկիրին մէջ գտնուող այլ տարածք-երկիրներ իրե՛նք կ’ուզեն որոշել իրենց անջատման կամ չանջատման մասին:
Մեծ Միութիւնը՝ Եւրոպական Միութիւնն է. կրնայ նաեւ Սովետական Միութիւնը ըլլալ:
Անջատուող երկիրը՝ Միացեալ Թագաւորութիւնն է. կրնայ նաեւ Ազրպէյճանը ըլլալ:
Այդ մեծ երկիրին մէջ գտնուող այլ տարածք-երկիրները՝ Հիւսիսային Իրլանտան եւ Սկովտիան են. կրնար նաեւ Արցախը ըլլալ:
Կ’ուզեմ ըսել, Միացեալ Թագաւորութեան հանրաքուէն կը զօրացնէ Արցախի ինքնորոշման իրաւականութեան հիմքերը: