Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան` մասնակցելու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին: Այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։
«Նախարարները պիտի քննարկեն շրջանային ու միջազգային անվտանգութեան խնդիրները եւ փոխադարձ գործակցութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ», ընդգծած է Զախարովան: