Կիրակի, 14. 09. 2025

spot_img

Հայկազեան Համալսարանէն Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մասնակցութեամբ Առողջապահութեան Նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի

Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ 24 Յունիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ 148 ուսանողներու յանձնեց աւարտական վկայականներ: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր հուզմունքը՝ հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի պահերը:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր երեսփոխան Սերժ Թուր-Սարգիսեան, որ կը ներկայացնէր Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ կը ներկայացնէր վարչապետ Թամմամ Սալամը, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, Երեսփոխան Ժան Օղասապեան, որ կը ներկայացնէր երեսփոխան Սաատ Հարիրին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան, Ներքին ապահովութեան ուժերու, քաղաքապետութիւններու միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:

Ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ ստանալու եւ նուիրելու գործընթացի հաւասարակշռութեան վրայ՝ շեշտելով պատիւն ու առատաձեռնութիւնը տալու շնորհքին մէջ: Դոկտ. Հայտոսթեան կարեւորեց  նաեւ կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ընկերային պատասխանատուութիւնը՝ իրենց շահոյթէն բաժին յատկացնելու ընկերային ծառայութեան եւ օժանդակութեան:

Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ տալը մարդկային արժանիքներուն մէջ գերագոյնն է, որ օգտակար կը հանդիսանայ նախ տուողին, ապա այլոց:  «Պէտք է տալ գիտակրթական մարզերուն մէջ եւս առանց ակնկալելու եւ առանց փոխարժէքի, առանց պատճառաբանութեան կամ մեկնաբանութեան», ըսաւ դոկտ. Հայտոսթեան եւ աւելցուց. «Մինչ կը ներկայացնենք նոր հունձք մը լայն ընկերութեան,  հաւատքով եւ նորոգ նուիրումով կը լեցուինք կատարելու պարտականութեան մեր բաժինը եւ ընկերակցելու մեր երիտասարդներուն,  որ  ինքնավստահ եւ հաստատ հիմերու վրայ նետուին նոր ասպարէզներ»: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով՝ «Հայկազեան համալսարանի մարդակերտումի եւ գիտութեանց զարգացման գործընթացին մէջ, մեր ուխտը կը նորոգենք այսօր անգամ մը եւս եւ կը շնորհաւորենք համալսարանի անձնակազմը, շրջանաւարտներն ու բոլորին ընտանիքները»:

Օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ քաղաքացիութեան, ազգային ինքնութեան, ինչպէս նաեւ մշակութային զարթօնքի, մտաւոր առաջնորդութեան եւ բարեկարգումներու սկզբունքին ու նման այլ հասկացութիւններու անհրաժեշտութեան՝ նշելով, որ Լիբանանի մէջ յառաջխաղացքը եւ զարգացումը կը կատարուին միայն օրինակելի քաղաքացիութեան այն նմուշով, որ առաջ կու գայ տարբեր մշակոյթներու համատեղ հարստացումով եւ ոչ թէ առանձնայատկութիւններու զանցառումով:

Նախարարը ըսաւ, որ զարթօնքը առանց մշակութային յեղափոխութեան չ’իրականանար, իսկ մշակութային յեղափոխութիւնը առանց ազատ, անկախ մտածողութեան ու անկաշկանդ ստեղծագործութեան չ’իրականանար,  իսկ ազատ մտածողութիւնն  ու անկաշկանդ ստեղծագործութիւնը չ’իրականանար առանց քաղաքական այն համակարգին, որ կը յարգէ ազատութիւնները եւ ազատ կ’արձակէ միտքը՝ իր կարծրատիպէն:

Նախարարը դիտել տուաւ, թէ Լիբանան իր տեղն ու դերը կորսնցուցած է արաբական աշխարհի մտաւոր առաջնորդութեան կեդրոնին մէջ, կրթութեան ազգային տեսլականին, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններու պետական գուրգուրանքի մը գոյութեան մէջ: Ապա շրջանաւարտներուն դիմեց լուծում գտնելու հաւանականութեամբ եւ ըսաւ. «Այս բոլոր դժուարութեանց լուծումը բարեկարգումն է՝ փտածութեան դէմ, միասնութիւնը՝ բաժանումի, պետականութիւնը՝ ոչ պետականութեան, գիտութիւնը՝ տգիտութեան, ստեղծագործութիւնը՝ յետամնացութեան, լայնախոհութիւնը՝ սահմանափակուածութեան, չափաւոր կեցուածքը՝ քաղաքական կամ կրօնական մոլութեան, յոյսը՝ յուսալքութեան, որ կ’ապրինք»:

Հանդիսութեան ընթացքին շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Քրիստին Սիմիտեան եւ Սառա Ֆարահադ, որոնք իրենց ընկերներուն մաղթեցին յաջողութիւն՝ կրթական ուսումնական գալիք տարեշրջաններուն համար եւ երազանքներու իրականացում:

Աւարտին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ՝ դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ գերազանց ուսանողներուն:

Հանդիսութիւնը, որ բացուած էր հոգեւոր տեսուչին կողմէ, եզրափակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Յայտնենք, որ վկայականներու պաշտօնական հանդիսութենէն օրեր առաջ, տեղի ունեցաւ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթքի հաւաք, ներկայութեամբ «Կրօնքներ» հաստատութեան նախագահ հայր Ֆատի Տաուի: Ուսանողները շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ՝ իրենց ուսումնառութեան չորս տարիներուն համար, ապա փոխանակեցին վառած մոմեր՝ խորհրդանշելով ճշմարտութեան, ազատութեան եւ ծառայութեան փոխանցումը ամբողջ աշխարհին, որ  նշանաբանն է Հայկազեան համալսարանի:

1 (1)

1 (2)

2

3 (1)

4

5

6

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին