Աւստրալիա ծնած եւ հասակ առած 20 ամեայ երիտասարդուհի Անի Սմսարեան, 8 Յուլիսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համաշխարհային մակարդակով կազմակերպուած յատուկ ներկայացում /հադիսութեան մը, ուր պիտի ներկայանան տարբեր երկիրներէ եւ ազգութիւններէ երիտասարդուհիներ, ցուցադրելով իրենց ազգային տոհմիկ տարազները: Այս ներկայացումը, որ կը կոչուի Pageant of the World, տարբեր երկիրներու մէջ արդէն իսկ անցեալին իրագործուած է, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով նաեւ տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ մէջ, Sydney Town Hall –ի շքեղ սրահէն ներս:
Սոյն ներկայացումը արտաքին ֆիզիքական գեղեցկութեան մրցոյթ չէ, այլ մասնակցողները իրենց ժողովուրդն ու ազգութիւնը կը փորձեն ծանօթացնել մասնակից միւս երկիրներուն, ներկայանալով իրենց ազգային տարազներով:
1990-ին Հայաստանէն Աւստրալիա գաղթած են Անիին ծնողքը: Քանի մը տարիներ ետք կը ծնի Անին: Ան հասակ կ’առնէ հայկական կենցաղով ու աւանդոյթներով: Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան իր մտային եւ ընկերային կազմուածքին վրայ: Աւելի քան 6 անգամներ Անին իր ընտանիքին հետ եղած է մայր Հայրենիք եւ վայելած է անոր տեսարժան վայրերն ու պատմական հնութիւնները: Ներկայիս ան համալսարանէն ներս կը հետեւի փաստաբանական ճիւղին այն լուրջ նապատակով, որ օր մը սոյն ասպարէզի ճամբով ան կարենայ իր բաժինը բերել արդարութիւն սերմանելու՝ հոն ուր որ հարկ է, տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Անին միշտ հպարտ զգացած է ինքզինք, նման հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ազգի մը պատկանելուն համար: Ան կը հաւատայ, որ թէեւ Հայաստան աշխարհագրական սահմաններով հսկայ երկիր մը չէ, սակայն միշտ արձագանգած է աշխարհի ժողովուրդներուն մէջ իր հանճարներով ու արուեստագէտներով: Pageant of the World –ին իր մասնակցութիւնը բերելով Անին համոզուած է, որ ան պիտի կարենայ իր փոքրիկ ազգը լուսարձակի տակ դնել աշխարհի այլ երկիրներուն մէջ ու մանաւանդ անոր արդար դատին եւ իրաւունքներուն իրազեկ դարձնէ օտար ու տեղական շրջանակները:
armenia.com.au