Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Երեւանը Ռուս Զբօսաշրջիկներու Նախընտրած Ուղղութիւններու Հնգեակին Մէջ Է

Երեւանը ռուս զբօսաշրջիկներու հանգստեան օրերու նախընտրած ուղղութիւններու հնգեակին մէջ է: Այդ մասին յայտնած է հիւրանոցներու որոնողական RoomGuru.ru կայքը:

Ամառուայ հանգստեան օրերուն ռուս զբօսաշրջիկները կը նախընտրեն մեկնիլ արտերկրի հետեւեալ քաղաքները` Պրահա, Մինսք, Պաքու, Թիֆլիս, Երեւան, Թալլին, Ռիկա, Վիլնիուս, Պարսելոնա եւ Վարշաւա:

Վարկանիշը կազմուած է ըստ ինքնուրոյն ճամբորդող զբօսաշրջիկներու որոնումներու տուեալներուն եւ հիւրանոցներու ամրագրումներու 2016-ի Յունիս 1-էն Օգոստոս 31, Շաբաթ-Կիրակի օրերուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ panarmenian.net-ը։

Ըստ աղբիւրին, անոնք հանգստեան օրերուն Երեւան կը ժամանեն միջինը՝ 3 օրով եւ հիւրանոցներու մէջ բնակութեան 24 ժամուայ համար կը վճարեն $48:

Հանգստեան օրերը անցնելու համար ամենամատչելի քաղաքը Մինսքն է, ուր միջինը 24 ժամուայ համար $38 կը պահանջուի, իսկ ամենասուղը՝ Լոնտոնն է, ուր 24 ժամ մնալու համար աւելի քան $150 կը պահանջուի, կը յայտնէ «Նովոսթի Արմէնիա»-ն:

Հանգստեան օրերուն Պրահա կը մեկնին միջինը 5 օրով` օրական $60 ծախսելով: Հանգստեան օրերու ամենաերկար ուղեւորութիւնները կը կատարուին Պարսելոնա` 6 օրով, իսկ ամենակարճը Վիլնիուս` 1,5 օրով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին