Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Պապի Այցը Կրնայ Խթանել Դէպի Հայաստան Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտագնացութեան Աճը

Հռոմի Պապին Հայաստան այցելութիւնը կը խոստանայ դրականօրէն ազդել ոչ միայն դէպի մեր երկիր ընդհանուր զբօսաշրջային հոսքերու աւելնալուն, այլ նաեւ Հայաստանի որպէս ուխտագնացութեան եւ կրօնական զբօսաշրջութեան վայր ընտրութեան վրայ:

Այսպիսի տեսակէտ յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան: Բացի այդ, այցը նաեւ այլ առիթ մըն էր խօսելու Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր դարաւոր մշակոյթին մասին` բարձրացնելով միջազգային հանրութեան իրազեկութիւնը այդ կապակցութեամբ: «Պապի Հայաստան այցելութիւնը, որ իր կողմէ որակուեցաւ որպէս ուխտագնացութիւն, մեծ նշանակութիւն ունի եւ պիտի ունենայ ոչ միայն զբօսաշրջութեան, այլ նաեւ համաշխարհային հանրութեան մօտ Հայաստանի վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացման վրայ: Առաջին քրիստոնեայ երկիրը, որ յայտնի է իր աւանդոյթով, մշակոյթով, հրաշալի, խաղաղ, բարի, կենսագործ եւ հիւրընկալ ժողովուրդով», «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ ըսած է Ապրեսեան:

Ան նշած է, որ այն մարդիկ, որ հետաքրքրուած են կրօնական զբօսաշրջութեամբ եւ մշակութային երկխօսութեամբ, կրնան այցելել ու տեսնել առաջին քրիստոնեայ երկիրը, այնպէս, ինչպէս մենք կը նախընտրենք տեսնել պուտտայական կամ իսլամական երկիր մը: «Բնականաբար առաջին հերթին քրիստոնեաները հետաքրքրուած կ’ըլլան, բայց այլ կրօնքներու ներկայացուցիչները եւս կրնան հետաքրքրուիլ ու գալ», -նշած է Ապրեսեան:

Ըստ անոր, Պապին այցելութեամբ պայմանաւորուած` Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թուաքանակի վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը հնարաւոր կ’ըլլայ վերլուծել՝ եռամսեակի պաշտօնական վիճակագրութեան հրապարակումէն ետք: Մինչ այդ կարելի է խօսիլ յօդուածներու եւ տեսանիւթերու մասին, որոնք կը հրապարակուին միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ: «Հրապարակումներու գործընթացը կը շարունակուի եւ կը քննարկուին հեղինակաւոր ու յայտնի հեռուստաալիքներով՝ որոշակի տեսանիւթերու ցուցադրման հարցերը», -աւելցուցած է  զրուցակիցը:

Անոր գնահատմամբ, միջազգային լրատուամիջոցներու մէջ Հայաստանի վերաբերեալ անդրադարձերը որոշիչ խթան կը հանդիսանան՝ Հայաստանը ընտրելու եւ հոն որպէս զբօսաշրջիկ հիւրընկալուելու տեսանկիւնէն: «Այդ հրապարակումները որոշում կայացնելու մէջ, իրենց ազդեցութիւնը կ’ունենան. նախ իրազեկութիւնը կը բարձրանայ, գիտցողը անգամ մը եւս կը լսէ ու կը տեղեկանայ, եւ նոր ազդակ կ’ըլլայ, որ որոշում կայացնելու ընթացքին համոզուի իր ընտրութեան մէջ», -աւելցուցած է Մեխակ Ապրեսեան:

Նշենք, որ 24-26 Յունիսին Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը եղաւ Հայաստան` «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով: Երեք օրերը յագեցած էին պատարագներով, աղօթքներով, խաղաղութեան կոչով ու հաւատացեալներու հետ շփումներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին