Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Պապը Ոչ Թէ Կը Փորձէ Պատերազմ Մղել, Այլ` Խաղաղութիւն Կառուցել․ Ֆետերիքօ Լոմօարտի

Հռոմի պապը երկխօսութեան, խաղաղութեան կամուրջներ նետելու ուղիին մասին կը խօսի: Եթէ ինչ­ որ մէկը ուշադիր լսէ ու կարդայ անոր ըսածը, չի գտներ բան մը` մեկնաբանելու որպէս «խաչակրաց ոգի», Էջմիածինի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Սուրբ Աթոռի մամուլի գրասենեակի տնօրէն մոնսինիոր Ֆետերիքօ Լոմպարտին` անդրադառնալով ցեղասպանութեան մասին Պապի ելոյթի առնչութեամբ պաշտօնական Անգարայի յայտարարութեան:

«Ես կրնամ յորդորել ճիշդ կարդալ ու ընկալել Պապի ըսածն ու գրածը: Ես կը հասկնամ խնդիրներու, լարուածութեան վերաբերեալ կան այլ պատկերացումներ, բայց անոր ըսածը ժողովուրդներու միջեւ հիմքեր գծելուն ուղղուած է: Ան աղօթած է յանուն ատոր: Ան որեւէ խօսք չէ արտայայտած թուրք ժողովուրդին դէմ, ան խօսած է թուրքերու ու հայ ժողովուրդի միջեւ հաշտութեան մասին»,­- ըսած է Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը:

Բացի ատկէ` Լոմպարտին յորդորած է խուսափիլ «խաչակրաց ոգի» արտայայտութենէն` նշելով, որ «Պապը երբեւէ խաչակրաց արշաւի չէ ելած, ան ոչ թէ կը փորձէ պատերազմ մղել, այլ` խաղաղութիւն կառուցել»:

Թրքական «Հուրիեթ» պարբերականի հաղորդմամբ` Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուրեթթին Ջանիկլին «մեծ դժբախտութիւն» անուանած է Պապի յայտարարութիւնը: Ան նշած է, թէ ատիկա ցոյց կու տայ «պապական աթոռի խաչակրի գիտակցութիւնը»: «Ատիկա առարկայական յայտարարութիւն չէր, անիկա իրականութեան հետ որեւէ առերեսում չունէր»,­ ըսած է Ջանիկլին:

Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը Յունիսի 24­-ին ելոյթ ունեցած է ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, իշխանութիւններու, հասարակայնութեան եւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ: Ելոյթին մէջ ան, շեղուելով նախապէս պատրաստած եւ լրատամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նախօրօք բաժնած ելոյթի բնագիրէն, կիրառած է Ցեղասպանութիւն եզրոյթը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին