*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 6 եւ 7, 2016-ին Լաս Վեկասի հայութիւնը պատմական տօնական օրեր ապրեցաւ:
Այդ օրերուն տեղի ունեցան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական ժողովը, Կրօնական ժողովը եւ Տիկնանց պատգամաւորական ժողովը:
Պատմական այդ օրերուն օծումը կատարուեցաւ Լաս Վեկասի հայութեան պարծանքը հանդիսացող՝ Ս. Կիրակոս փառաշուք եկեղեցիին, Խնդիր Թաճիրեան մշակոյթի շատ գեղեցիկ սրահին, եւ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը մկրտուեցաւ Սեդա Թաճիրեան շաբաթօրեայ վարժարան անունով:
Ժողովականները տենդագին աշխատանքով, գլխաւորութեամբ դատաւոր Ատրինէ Գրիգորեանի, ամենայն մանրամասնութեամբ ներկայացուցին թեմիս մօտ 50 ծուխերու եւ եկեղեցիներու նիւթական եւ բարոյական տեղեկագիրները եւ անոնց համապատասխան որոշումներ առին, թեմը յուզող ծանրակշիռ հարցերու վերաբերեալ:
Նմանապէս, թեմական պատգամաւորական ժողովը քննեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբազանութեան անմիջական հսկողութեան տակ գործող մօտ 40 յանձնախումբերու եւ մարմիններու նիւթական եւ բարոյական բազմաբեղուն գործունէութիւնները: Թեմական պատգամաւորական պատկառելի ժողովը, լսելէ ետք տարուած աշխատանքներու տեղեկագիրները, մեծապէս գնահատեց եւ արժեւորեց թեմական եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր գործերը:
Ժողովի օրակարգի բազմաթիւ եւ բազմապիսի հարցերու կողքին կար նաեւ թեմի մեծագործ Սրբազանին վերընտրութեան քուէն տալու հարցը:
Քառասուն երկու տարի առաջ Արեւմտեան Թեմի կանոնագրութիւնը Առաջնորդ ընտրելու ընթացք մը որդեգրած է: Առաջնորդի ծառայութեան շրջանը լրանալէ մէկ տարի առաջ, պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորներուն թիւին 2/3-ի որոշումով եւ ընտրութեամբ կարելի է վստահութեան քուէով վերընտրել պաշտօնավարող Առաջնորդը: Այդ օր պատգամաւորներու 80%-է աւելի քուէով, վստահութեան քուէ տրուեցաւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, գալ տարուընէ սկսեալ, յառաջիկայ եօթը տարիներու պաշտօնավարութեան համար:
Այս ժողովի բոլոր մանրամասնութիւնները տրուած են թեմական ժողովի կողմէ ղրկուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նախ, ամէն բանէ առաջ, այս գրութեամբ կ«ուզենք մեր գնահատանքի եւ երախտիքի խօսքը ըսել, թեմիս բոլոր Ծուխերէն, Մարմիններէն եւ Յանձնախումբերէն ներս ծառայող մեր ազգայիններուն, ղեկավարութեամբ՝ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Առաջին անգամը չէ որ գրած ենք եւ հոս անգամ մը եւս կ«ուզենք շեշտել, թէ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ թեմը իր ՈՍԿԵԴԱՐԸ կ«ապրի Գերշ. Տ. Յովնան Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ:
Տարուած աշխատանքներուն նոյնիսկ արագ թուումը գլխապտոյտ կը պատճառեն: Հոգեւոր ծառայութիւն, եկեղեցաշինութիւն, կղերականներ պատրաստելու աշխատանք, բազմահարիւր հրատարակութիւններու աշխատանք, սկաւառակներու, կրօնական ժապաւէններու պատրաստութիւն, Հայաստանի եւ Ս. Էջմիածնի համար բազմաթիւ մարմիններու աշխատանքները, մշակութային, Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում, բազմաթիւ ազգայիններ կաթողիկոսական շքանշանի արժանացնելու Վեհափառին մօտ բարեխօս ըլլալով, քրիստոնէական եկեղեցիներու հետ իր սերտ ու սիրալիր յարաբերութիւնները, œայլն: Նախարարութեան մը չափ գործ կը տարուի Արեւմտեան թեմէն ներս œ ասոր ամէնէն դժուարին գործը այս աշխատանքի նիւթականը գոյացնելն է, որ մեծ ձեռնհասութեամբ կը կատարէ մեր Առաջնորդը, միշտ ապաւինելով Աստուծոյ եւ զինք սիրող, իրեն վստահող ազնուասիրտ բարերարներուն:
Կ«ապրինք թեքնիքի զարմանահրաշ շրջան մը եւ եկեղեցին ստիպուած է քայլ պահել այդ թեքնիքին հետ, հասնելու համար հաւատացեալներու զանազան կարիքներուն: Մեր Առաջնորդը ինք եւս երիտասարդական աւիւնով եւ մտածելակերպով, մեր թեմէն ներս որդեգրուած է ժամանակակից ամէնէն արդիական նորութիւնները: Երբ կնճռոտ հարցեր անցեալին, օրեր կը կարօտէին զանոնք լուծելու համար, Սրբազան Հայրը վայրկեանական կարգադրութեամբ պէտք եղած քայլը կ«առնէ եւ կը լուծէ զանոնք:
Արդարեւ, 13 տարիներու ծառայութեան ընթացքին Արեւմտեան թեմի մեր Առաջնորդը՝ միշտ ալ մեր թեմի զաւակներով հետաքրքուող, եւ ապագայով եւ ճակատագրով տուայտող Առաջնորդ մը եղած է: Ծխականներու անուանակոչութեան, ուրախ կամ տխուր առիթներուն միշտ իրենց հետ եղած է իր նամակներով, նուէրներով եւ խօսքերով:
Գաղութային բազմապիսի ձեռնարկներուն, դպրոցական հանդէսներուն, մշակութային միջոցառումներուն մեր Առաջնորդը հոն է, իր օրհնաբեր ներկայութեամբ եւ սրտաշարժ խօսքերով եւ կամ՝ ղրկած նամակներով:
Այս գրութեամբ մեր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները կը յղենք մեր շատ սիրելի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Մեր զօրակցութիւնը, անվերապահ աջակցութիւնը եւ գործակցութիւնը յայտնելով, Նորին Սրբազանութեան քաջառողջ, արեւշատ եւ անմար խանդավառութիւն կը մաղթենք, շարունակելու համար Աստուածահաճոյ իր ծառայութիւնը Արեւմտեան թեմէն ներս:
Սրբազան Հայր, շնորհակալութիւն Ձեր կատարած 13 տարիներու աշխատանքներուն եւ մեծագործութեան: Նախապէս եւ կանխաւ կը յայտնենք Ձեր Սրբազանութեան նաեւ մեր գնահատանքը՝ գալիք ութը տարիներու իրագործելիք ծառայութիւններուն համար:
Ձեր վարձքը հազար կատար ըլլայ: