Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր, այլ` կ’ապրուի» Դէպի Մելգոնեան

                                                                 *ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Ծանօթ.- Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը հիմնուած է 1926-ին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ։

Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները Կեսարացիներ էին, որոնք Եգիպտոսի մէջ կը զբաղէին ծխախոտի արտադրութեամբ։ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, առանց իր եղբօր իմաց տալու, Կարապետ Մելգոնեանը կարծեմ Ճափոնէն մեծ քանակութեամբ  «թիւթիւն» կ’ապսպրէ։ Երբ ծխախոտը Ալեքսանտրիա կը հասնի, գինը կը հարիւրապատկուի եւ հսկայական շահեր կ’ապահովէ Մելգոնեան եղբայրներուն, որոնց գործարանը մինչ այդ արդէն Միջին Արեւելքի ամենամեծ ծխախոտ արտադրող գործարանն էր։

Հայկական ջարդերէն ետք, Կարապետ Մելգոնեան կ’որոշէ որբանոցդպրոց մը բանալ (իր մահացած եղբօր՝ Գրիգորի ծրագիրն ալ նկատի ունենալով) «իմ ազգիս վրէժը լուծելու», լաւ հայեր եւ առաջնորդներ պատրաստելու իր խողխողուած ազգին։

Այսպիսով կը հիմնուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, որուն խնամակալութիւնը կը վստահուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան։ Կարապետ Մելգոնեան իր հսկայական հարստութիւնը կը կտակէ ՀԲԸՄիութեան՝ որպէսզի անոր եկամուտներով մատակարարուի Հաստատութիւնը։

*
*****
**************

1960-ին Հայ Շաբաթապահ Գալստական Վարժարանին մէջ 7-րդ դասարանն էի: Պէտք էր կամաց – կամաց մտածէի, թէ Գալստական Վարժարանը աւարտելէս ետք ու՞ր պէտք էր երթայի ուսումս շարունակելու:

Հայրս կ’ուզէր զիս Երուսաղէմի Թարգմանչաց Վարժարան ղրկել (ինք Երուսաղէմցի էր), որպէսզի ուսումս հոն շարունակէի եւ օր մըն ալ կղերական ըլլայի… (եթէ երթայի, հաւանաբար այսօր Եպիսկոպոս կ’ըլլայի…)։ Հայերէնի ուսուցչուհիս՝ Օր. Անահիտը (կարծեմ Պարսումեան էր), առաջարկեց զիս Մելգոնեան ղրկել: Եւ մէջս կամաց – կամաց Մելգոնեան երթալու փափաքը «եփեցաւ» եւ… դիմեցի:

Միջնորդներ, բարեխօսողներ պէտք էին որպէսզի Մելգոնեան ընդունուէի:

Պէյրութի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գրասենեակի պաշտօնեաներէն Թորոս Սարգիսեանը դրացի էր մեզի: Ան զիս տարաւ Բարեգործականի գրասենեակը: Գրասենեակի տնօրէնը՝ Սարգիս Մինասեանը, իր զանազան պաշտօններուն կողքին, պատասխանատու էր նաեւ Մելգոնեանի դիմումներուն եւ Մելգոնեանի հետ կապուած այլ հարցերուն: Երբ Սարգիս Մինասեանը վիճակացոյցս տեսաւ, կարծեմ նիշերէս գոհ մնաց, բայց երբ «վարք»ի նիշս տեսաւ… վիճակացոյցիս վրայ միջնեմատով զարնելով եւ շատ խիստ ձայնով մը՝ «այս վարքով դուն Մելգոնեա՞ն պիտի երթաս»,- հարցուց: «Այո՛» պատասխանեցի։

Մելգոնեանի մուտքի քննութիւններուն մասնակցեցայ: Հսկիչ ուսուցիչներէն մին, կանաչորակ աչքերով, շատ համակրելի երիտասարդ մըն էր: Յետոյ իմացայ, որ այդ երիտասարդ հսկիչին անունը Վաչէ Սեմերճեան է եղեր: Առաւօտեան հայերէնի եւ թուաբանութեան քննութիւնները ունէինք: Հայերէնի շարադրութեան նիւթն էր «Ինչու՞ կ’ուզես Մելգոնեան երթալ»: Բաներ մը գրեցի: Թուաբանութեան պարագային, քանի որ նախակրթարանիս մէջ թուաբանութեան դասը վերջին քանի մը տարիներուն արաբերէնով կ’ընէինք, ես սեւագրութիւնս արաբերէն թիւերով կը գրէի եւ ապա լատինատառով կ’ընդօրինակէի:

Կեսօրէ ետք, կարծեմ Անգլերէնի քննութեան ժամանակ էր, Պրն. Սեմերճեանը սենեակի մուտքէն հարցուց. «Ո՞վ է Վարդգէս Գուրուեանը»: Երբ ձեռքս բարձրացուցի ժպտաց, ինչու՞ չեմ գիտեր: Կարծեմ շարադրութեանս մէջ գրած էի, որ կ’ուզեմ Մելգոնեան երթալ, լաւ հայերէն սորվելու եւ վերջը «ազգիս ծառայելու» (յայտնի է, այն ատեն խելքս չէր հասնէր «ազգիս ծառայել»ուն ինչ ըլլալուն, եւ «ազգին ծառայող»ներու գլխուն գալիքներուն)։

Այդ ժամանակ Մելգոնեանի Տնօրէնը Դոկտ. Խաչեր Գալուստեանն էր: Պէտք էր, որ ամէն թեկնածու տեսակցէր Տնօրէնին հետ: Հայերէնի ուսուցչուհիիս՝ Օր. Անահիտին հետ գացի տեսակցութեան: Երբ Բարեգործականի գրասենեակին սրահը մտանք, Աստուած իմ, 45 – 50 թեկնածուներ, իրենց ծնողներով եկած եւ կարգի կը սպասէին: Մեր կարգը 3 – 4 ժամէն հազիւ կրնար գալ: Օր. Անահիտը ըսաւ, որ ինք այդքան ժամանակ չունի եւ չէր կրնար սպասել: Բարեբախտաբար Սարգիս Մինասեանը տեսաւ Օր. Անահիտին, եւ լաւ բախտէս բարեկամներ դուրս ելան: Անմիջապէս մտանք Տնօրէնը տեսնելու:

Օր. Անահիտը որպէս նախկին հիւանդապահուհի, խնամած էր Դոկտ. Խաչեր Գալուստեանին աղջիկը: Տնօրէնը ճանչցաւ զինք եւ «հարցը կարգադրուած սեպեցէք» ըսաւ:

Եւ «վարք»իս պատճառով չկարգադրուելիք հարցը՝ կարգադրուեցաւ։

Ճամբորդութեան հետ կապուած անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընելէն եւ մօրս քանի մը հազար բարի խրատները լսելէս ետք, վերջապէս հասաւ Մելգոնեան երթալու օրը: Հասանք օդակայան, ակնկալուածէն քանի մը վայրկեան ուշացումով: Բարեգործականի պաշտօնեաներէն Պրն. Վարդգէս Գարտաշեանը կար: Ահաւոր արտաքինով, շատ խիստ մարդ մը, որ  լա՜ւ պոռալ գիտէր: Օդակայանին մէջ, միւս բոլոր հին եւ նոր աշակերտներուն եւ ծնողներուն առջեւ,- «ինչու՞ ուշացաք» մը պոռաց, որ խեղճ մայրս վախէն դեղնեցաւ եւ կարծեմ օդակայանին ապակիներէն քանի մը հատն ալ ճաթեցան: Պահ մը միտքէս անցաւ «վարք»ս գործի լծել եւ բռունցքի հարուած մը տալէ ետք հրաժարիլ Մելգոնեան երթալէ: Բայց մայրս ձեռքս բռնեց եւ խրատներու շարքը շարունակեց, քիչ մը արցունքոտ աչքերով: Մօրս խաթրին Պրն. Գարտաշեանը «պրծաւ»:

Վերջին պահուն, վերջին խրատները՝ «բարի կեցիր, չմոռնաս շուտ-շուտ գրելու»։

Երկու «ֆրֆր»ով օդանաւ մըն էր: Աշակերտները վալիզներու աւելորդ ծանրութիւններուն դիմաց չվճարելու համար, երկու-երեք «փոքր» ուսի պայուսակներ  շալկած օդանաւ բարձրացան: Ճամբորդներէն աւելի այդ «փոքր» պայուսակները ինչպէս տեղաւորուեցան, տակաւին չեմ հասկցած:

Միջին Արեւելքցիի սովորութեամբ, հրմշտուկ մը կար՝ «լաւ աթոռ մը» գրաւելու եւ տեղաւորուելու:

«Միտըլ Իսթ Էրլայնզ – Էր Լիպան»ի հիւրըկալուհի աղջիկները քիչ մը ապշած էին, բայց բարի ժպիտներով կը փորձէին օգնել մեզ:

Վերադարձող Մելգոնեանցիները ուրախ էին: Նորերս՝ յուզուած քիչ մը, բայց անծանօթին արկածախնդրութիւնը կար մեր թրջուած աչքերուն մէջ:

Եւ օդանաւը ճամբայ ելաւ դէպի Կիպրոս, ըըը, Մելգոնեան:

«Եւ մենք կ’երթանք դէպի Աղբիւրը Լոյսի»

                                                                                                                       Լոս Անճելըս, 2016

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին