Միջազգային լրատուամիջոցներու վերնագիրներուն մէջ անմիջապէս յայտնուեցան հրապարակումները այն մասին, որ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Երեւանի մէջ օգտագործեց Ցեղասպանութիւն եզրը` 1915 թուականի իրադարձութիւնները բնորոշելու համար:
«Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւնները կրկին նկարագրած է իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Ան նման յայտարարութիւն ըրած էր նաեւ անցեալ տարի, ինչ որ յառաջացուցած էր թրքական կողմի զայրոյթը», ըստ «Արմենփրես»-ի՝ ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ Պապի ելոյթէն անմիջապէս ետք գրեց բրիտանական BBC-ն:
Հռոմի Պապը նշած է. «Այդ ողբերգութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, ցաւօք, գլխաւորեց անցեալ դարու անմարդկային աղէտներու տխուր ցուցակը»: «Հռոմի Պապը Հայաստանի մէջ արտաբերեց մոգական Ցեղասպանութիւն բառը»,- կը գրէ CRUX- ը: Պապին խօսքը անմիջապէս մէջբերեցին Associated press-ը, Reuters-ը, ABCNews-ը, Swissinfo-ն եւ բազմաթիւ այլ լրատուամիջոցներ:
Համաշխարհային գործակալութիւնները յատկանշական կը համարեն, որ Պապը շեղուած է նախապէս պատրաստած եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նախօրօք բաժնած ելոյթի բնագրէն: Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը ելոյթ ունեցած է ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ 24 Յունիսին` նախագահ Սերժ Սարգսեանի, իշխանութիւններու, հասարակայնութեան եւ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ: