Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ տիկին Ռիթա Սարգսեան 25 Յունիսին Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի հետ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր:
Հանրապետութեան Նախագահը եւ երկու հովուապետները յարգանքի տուրք մատուցանեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Սրբազան Քահանայապետը ծաղկեպսակ դրաւ յուշակոթողին եւ աղօթեց:
Հռոմի Պապը ՀՀ նախագահի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ այնուհետեւ ծաղիկներ խոնարհեց անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, ուր հոգեւոր դասը կատարեց Բարեխօսական կարգի արարողութիւն` հայցելով այլեւս սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը:
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Յիշողութիւններու պուրակ` օրհնեց իր անուամբ տնկուած եղեւնին, որմէ ետք գրառում կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պատուոյ այցելուներու գիրքին մէջ:
«Այստեղ կ’աղօթեմ` ցաւը սրտիս մէջ, որպէսզի այլեւս երբեք նման ողբերգութիւններ, ինչպիսին ասիկա է, չկրկնուին, որպէսզի մարդկութիւնը չմոռնայ եւ իմանայ չարութեան բարութեամբ յաղթել: Թող Աստուած պարգեւէ սիրեցեալ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին՝ խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն: Աստուած պահպանէ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: Յիշողութիւնը կարելի չէ ոչ պղտորել, ոչ մոռնալ: Յիշողութիւնը խաղաղութեան եւ ապագայի աղբիւրն է»,- գրած է Սրբազան Քահանայապետը:
Յուշահամալիրին մէջ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսին մօտեցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու խումբ մը ժառանգներ` զաւակներ եւ թոռներ, որոնց նախնիները, Մեծ Եղեռնի որբեր ըլլալով, Պիուս Տասնմէկերորդ Պապի որոշումով օթեւան գտած էին պապական Քասթել Կանտոլֆօ դղեակ-ամառանոցին մէջ:
Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ծիծեռնակաբերդի մէջ հրաժեշտ տուին Հանրապետութեան նախագահին ու Առաջին տիկնոջ եւ ուղեւորուեցան Կիւմրի, ուր Սուրբ Վարդանանց հրապարակին վրայ Սրբազան Քահանայապետը`