Այսօր համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Սուրբ Էջմիածին մէջ, մենք` Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Ֆրանչիսկոս Պապը, կ’ընծայենք մեր միտքերը եւ սիրտերը որպէս շնորհակալութեան տուրք Ամենակարողին` պայքարով քայքայուած եւ սփոփանքի ու յոյսի ծարաւով լեցուն աշխարհի մէջ շարունակելու եւ մեծցնելու հաւատքի ու սիրոյ սերտ կապերը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջեւ՝ փրկութեան աւետարանական ուղերձի իրենց համընդհանուր վկայութեամբ:
Մենք կը փառաբանենք ամենասուրբ Երրորդութան` Հօրը, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն, ընձեռելու համար մեզի հնարաւորութիւնը մէկտեղուելու աստուածաշնչեան Արարատի երկրի մէջ, որ կանգուն է որպէս վկայութիւն, որ Աստուած է միշտ մեր պաշտպանութիւնն ու փրկութիւնը:
Գոհունակութեամբ ու հոգեւոր ուրախութեամբ կ’անդրադառնանք, որ 2001 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակման 1700-ամեակի առիթով Հայաստան այցելեց Սուրբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ Պապը՝ որպէս Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու եղբայրական ջերմ յարաբերութիւններու պատմութեան նոր էջի վկայութիւն: Մենք երախտապարտ ենք, որ շնորհը ունեցած ենք միասին ըլլալու Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, հանդիսաւոր պատարագի ժամանակ, 2015 Ապրիլ 12-ին, ուր մենք մեր յանձնառութիւնը արտայայտեցինք հակադարձելու բռնութեան ու անհանդուրժողականութեան որեւէ դրսեւորման՝ վերակոչելով զայն, որ արդէն հաստատուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ «մէկուկէս միլիոն հայ քրիստոնեաներու բնաջնջումը ընդհանրապէս կ’ընկալուի իբրեւ Ի դարու առաջին Ցեղասպանութիւն» (Համատեղ յայտարարութիւն, Գարեգին Բ եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ, 27 Սեպտեմբեր 2001):
Փառք Բարձրեալին, որ այսօր քրիստոնէական հաւատքը կենսունակ իրականութիւն է Հայաստանի մէջ, եւ Հայոց եկեղեցին իր լիարժէք առաքելութիւնը կ’իրականացնէ՝ եկեղեցիներու միջեւ տիրող համագործակցութեան եղբայրական ոգիով նեցուկ ըլլալով հաւատացեալներուն՝ զօրակից, արդար եւ խաղաղ աշխարհի կերտման գործին մէջ: Ցաւօք, մենք վկաներ ենք մեր աչքերու առաջ տեղի ունեցող մեծ ողբերգութեան մը՝ անթիւ անհամար անմեղ մարդոց սպանութիւններու, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի այլ ծագերու վրայ էթնիկ, տնտեսական, քաղաքական եւ կրօնական հիմքերու վրայ զարգացող շարունակական բնոյթի հակամարտութիւններով թելադրուած տեղահանումներու կամ պարտադրուած ցաւալի ու անորոշ աքսորներու: Այդ բոլորի արդիւնքով կրօնական եւ էթնիկ փոքրամասնութիւնները դարձած են հալածանքներու եւ դաժան վերաբերմունքի թիրախ՝ այն առումով, որ սեփական կրօնական համոզմունքի համար տառապիլը դարձած է ամենօրեայ իրականութիւն: Նահատակները կը պատկանին բոլոր եկեղեցիներուն եւ անոնց տառապանքը «արեան էքիւմենիզմ» է, որ կ’անդրանցնէ քրիստոնեաներու միջեւ առկայ պատմական բաժանումները՝ մեզի բոլորիս կոչելով նպաստելու Քրիստոսի առաքեալներու տեսանելի միասնականութեան: Մենք, Սուրբ Առաքեալներու` Պետրոսի եւ Պօղոսի, Թադէոսի եւ Բարդողիմէոսի բարեխօսութեամբ, միասնաբար կ’աղօթենք, որպէսզի սիրտերու փոփոխութիւն տեղի ունենայ բոլորի անոնց մէջ, որոնք կը գործեն այսպիսի յանցանքներ եւ՝ անոնց, որոնք իրենց դիրքի շնորհիւ կրնան կանգնեցնել բռնութիւնները: Մենք կը յորդորենք ազգերու առաջնորդներուն՝ ունկնդրել միլիոնաւոր մարդկային արարածներու կոչը, որոնք խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կը տենչան աշխարհին, որոնք յարգանք կը պահանջեն իրենց աստուածատուր իրաւունքներու նկատմամբ, որոնք անյապաղ կարիք ունին հացի, այլ ոչ թէ զէնքերու:
Ցաւօք, մենք ականատես ենք կրօնի եւ կրօնական արժէքներու արմատական դրսեւորումներու, որոնք կը կիրառուին ատելութեան, խտրականութեան ու բռնութեան տարածումը արդարացնելու համար: Նմանատիպ յանցանքներու՝ կրօնական գաղափարներով արդարացումը անընդունելի է, քանի որ «Աստուած խռովութեան Աստուածը չէ, այլ խաղաղութեան» (Ա Կոր. 14:33): Աւելին, կրօնական տարբերութիւններու հանդէպ յարգանքը անհրաժեշտ պայման է էթնիկ ու կրօնական տարբեր համայնքներու խաղաղ համակեցութեան համար: Եւ նոյնինքն քրիստոնեայ ըլլալով է, որ մենք կոչուած ենք խաղաղութեան ու հաշտութեան ուղիներ փնտռելու եւ իրագործելու: Այս իմաստով մենք յոյսով ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող հարցերը կը գտնեն խաղաղ լուծում:
Յիշելով այն ամէնը, ինչ Յիսուս սորվեցուց Իր աշակերտներուն, երբ Ան ըսաւ. «Ես անօթի էի, եւ դուք ինծի հաց տուիք, ես ծարաւ էի եւ դուք ինձ խմելու բան տուիք, ես օտարական էի, եւ դուք ինծի ընդունեցիք, ես մերկ էի, եւ դուք ինծի հագցուցիք, ես հիւանդ էի, դուք ինծի այցելեցիք, ես բանտի մէջ էի, եւ դուք եկաք ինծի տեսութեան» (Մատթ. 25:35-36), մենք կը խնդրենք մեր եկեղեցիներու հաւատացեալներէն բանալ իրենց սիրտերն ու ձեռքերը` օգնելու պատերազմի եւ ահաբեկչութեան զոհերուն, փախստականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Կարեւորութիւն կը ստանայ մեր մարդասիրութեան զգացումը, մեր զօրակցութիւնը, կարեկցանքը եւ մեծահոգութիւնը, որոնք կրնան ճիշդ արտայայտուիլ միայն առկայ նիւթական պաշարներու անյապաղ եւ գործնական նուիրատուութեամբ:
Մենք կ’ընդունինք այն, ինչ որ արդէն կ’ըլլայ, բայց կը պնդենք, որ աւելին պէտք է ըլլայ քաղաքական առաջնորդներու եւ միջազգային կառոյցներու կողմէ, որպէսզի ապահովուած ըլլան բոլորին խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու իրաւունքը, պաշտպանուած ըլլայ օրէնքի գերակայութիւնը, կրօնական եւ էթնիկ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, կանխուած ըլլան մարդկային թրաֆիքինկը եւ մաքսանենգութիւնը:
Հասարակութեան ստուար հատուածներու աշխարհիկացումը, օտարումը հոգեւորէն ու աստուածայինէն, անխուսափելիօրէն կը յանգեցնեն մարդու եւ մարդկային ընտանիքի ապասրբացման ու նիւթապաշտական ընկալման: Այս առումով մենք մտահոգ ենք շատ երկիրներու մէջ ընտանեկան կեանքի ճգնաժամով: Հայ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները ընտանիքի մասին նոյն ընկալումը ունին, որ հիմնուած է ազատ կամքով ու հաւատարմութեամբ ծնած սիրոյ արդիւնք հանդիսացող տղամարդու եւ կնոջ ամուսնութեան վրայ:
Մենք ուրախութեամբ կ’արձանագրենք, որ հակառակ քրիստոնեաներու միջեւ առկայ բաժանումներուն, այն ինչ որ մեզի կը միաւորէ աւելին է, քան այն ինչ որ մեզի կը բաժնէ, որու վրայ ալ պէտք է կառուցել Քրիստոսի եկեղեցւոյ միութիւնը, ըստ Տիրոջ խօսքի, որ բոլորը մէկ ըլլան (Յովհ. ԺԷ 21): Վերջին տասնամեակներուն մեր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները թեւակոխած են որակապէս նոր փուլ՝ ամրապնդուած ըլլալով համատեղ աղօթքներով եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միասնական ջանքերով: Մենք այսօր համոզուած ենք այս յարաբերութիւններու շարունակականութեան խիստ կարեւորութեան մէջ՝ երկուստեք աւելի խոր եւ վճռական յանձնառութեամբ ոչ միայն աստուածաբանական մարզի մէջ, այլ նաեւ աղօթական ու գործնական համագործակցութեամբ տեղական համայնքներու մէջ՝ լիարժէք հաղորդակցութիւն եւ միութեան յստակ արտայայտութիւններ կիսելու տեսլականով: Մենք կը յորդորենք մեր հաւատացեալները ներդաշնակ կերպով աշխատելու հասարակութեան մէջ քրիստոնէական արժէքներու զօրացման համար, որոնք արդիւնաւոր կերպով կը նպաստեն արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդկային համերաշխութեան քաղաքակրթութեան կառուցման: Հաշտութեան եւ եղբայրութեան ուղին բաց է մեր առջեւ: Թող Սուրբ Հոգին, որ կ’առաջնորդէ մեզի ամենայն ճշմարտութեան /հմմտ. Յովհ. ԺԶ 13/, զօրացնէ ամէն ազնիւ ջանք, որ ուղղուած է մեր մէջ սիրոյ եւ հաղորդութեան կամուրջներու կառուցման:
Սուրբ Էջմիածնէն մենք կոչ կ՛ընենք բոլոր հաւատացեալներուն միանալու մեզ աղօթքով, Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի խօսքերով. «Փառաւորեալ Տէր, ընդունիր ծառաներուդ աղաչանքները եւ ի բարին կատարէ մեր խնդրանքները՝ բարեխօսութեամբ Սուրբ Աստուածածինի, եւ Յովհաննէս Մկրտիչի, եւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի, եւ մեր սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, եւ սուրբ առաքեալներու, մարգարէներու, վարդապետներու, մարտիրոսներու, հայրապետներու, ճգնաւորներու, կոյսերու եւ Քու բոլոր երկնային ու երկրային սուրբերու: Եւ Քեզ՝ անբաժանելի Սուրբ Երրորդութեանդ, փառք եւ երկրպագութիւն, յաւիտեանս յաւիտենից, ամէն»:
Ս. Էջմիածին, 26 Յունիս 2016
Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս