Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Էքիւմենիք Արարողութիւն Եւ խաղաղութեան Աղօթք Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակի Վրայ

Յունիս 25-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն եւ խաղաղութեան աղօթք, որուն ներկայ էին տասնեակ հազարաւոր  հայորդիներ ու հիւրեր տարբեր երկիրներէ:

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետության Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ:

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ֆրանցիսկոս Պապի մուտքը Հանրապետութեան հրապարակ ազդարարուեցաւ Երեւանի եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջներով: Երկու Հովուապետերը իւրաքանչիւր եկեղեցիէ 12 բարձրաստիճան հոգեւորականներով բարձրացան արարողութեան համար յատկապէս պատրաստուած բեմ: Արարողութեան ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին աղօթակից էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արքեպիսկոպոս Ասատուրեանը, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանը, Հարաւային Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մովսէս եպիսկոպոս Մովսիսեյանը, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանը, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աշոտ եպիսկոպոս Մնացականեանը, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը, Ուքրանիայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Վանորէից տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեանը, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանը, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանը:

Համատեղ աղօթքի ժամանակ ընթերցուեցան հատուածներ Ս. Գիրքէն եւ աղօթքներ, ինչպէս նաեւ երգոաււեց Ս. Յարութեան շարական:

Արարողութեան ընթացքին ներկաներուն իր ուղերձը ուղղեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

«Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անոնք Աստծոյ որդիներ պիտի կոչուին» (Մտթ. Ե 9):

Ձերդ Սրբութիւն, սիրեցյեալ եղբայր ի Քրիստոս,

Մեծարգոյ Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,

Շնորհազարդ հոգեւոր եղբայրներ եւ սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Բարձրեալն Աստծոյ սուրբ անուան փառաբանութիւնը մեր շուրթերուն՝ այսօր քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնը, Աստուածաշնչեան Արարատի օրհնաբեր հայեացքի ներքոյ համախմբուած ենք միասնական աղօթքի: Նոյի երկիրէն, ուր Աստուած ծագեցուց խաղաղութեան ծիածանը, մեր հայցը բարձրացուցինք երկինք ի Քրիստոս սիրեցեալ Մեր եղբօր՝ Ֆրանցիսկոս Պապի հետ` հանուն աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման եւ մարդկութեան ապահով ու բարօր կեանքի: Յուզումով կ՛անդրադառնանք, որ այս հրապարակին վրայ մեզի աղօթակից են նաեւ պատերազմներէ, ահաբեկչութիւններէ ու բռնութիւններէ տուժածներ, փախստականներ Ազրպէյճանէն, փախստականներ Սուրիայյն եւ Իրաքէն, որոնք առ Աստուած յոյսով կը սպասեն իրենց հայրենի բնակավայրերու խաղաղութեան օրերու:

Արդարեւ մէկ ու կէս տասնամեակ առաջ երրորդ հազարամեակը կը դիմաւորէինք յոյսով, որ ան մարդկութեան կեանքի մէջ սկիզբ պիտի առնէ ազգերու համերաշխ գոյակցութեամբ եւ պետութիւններու բարի գործակցութեամբ՝ յանուն խաղաղ ու արդար աշխարհի կառուցման: Մինչդեռ ամէնօրեայ իրականութիւնը յաճախ կը գուժէ պատերազմական եւ ահաբեկչական նորանոր գործողութիւններու, մարդկային անասելի տառապանքներու եւ անդառնալի կորուստներու մասին: Աշխարհի տարբեր կողմերը տարբեր ազգերու, կրօններու եւ դաւանանքներու պատկանող մանուկներ եւ պատանիներ, կանայք ու տարեցներ մահասփիւռ զէնքերու եւ վայրագ  բռնարարքներու զոհ կը դառնան կամ կը բռնեն գաղթականութեան ուղին՝ ահռելի դժուարութիւններ յաղթահարելով կեանքի ապահովութիւն գտնելու համար:

Ճիշդ մէկ դար առաջ այս նոյն ճանապարհը կ՛անցնէր մեր ժողովուրդը՝ յայտնուելով ծանրագոյն իրավիճակի առջեւ, երբ Ցեղասպանութեան հետեւանքով կորսնցուցած էր  Հայրենիքի մեծագոյն մասը եւ ունենալով մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներ, կը պայքարէր իր գոյութեան իրաւունքի համար: Այսօր ալ մեր ժողովուրդըն կ՛ապրի չյայտարարուած պատերազմի դժուարին պայմաններու մէջ` թանկ գինով պաշտպանելով խաղաղութիւնը մեր երկիրի սահմաններու վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի ազատ ապրելու իրաւունքը`իր բնօրրան Հայրենիքին մէջ: Մեր ժողովուրդին խաղաղասիրական ձգտումներուն ի պատասխան`Ազրպէյճանը խախտելով հրադադարը, Ապրիլ ամսուն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններու վրայ սանձազերծեց  ռազմական գործողութիւններ: Հրետակոծուեցան եւ աւերուեցան հայկական բնակավայրեր, զոհուեցան ու վիրաւորուեցան խաղաղութեան պաշտպան զինուորներ, դպրոցահասակ երախաներ, խոշտանգուեցան խաղաղ, անզէն բնակիչներ:

Այս դժուարութիւններուն հանդիման՝ մեր ժողովուրդը կ՛ապրի ցաւը նաեւ այն աւերածութիւններու եւ կորուստներու համար, որ կը շարունակուին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, սոսկալի ահաբեկչութիւններու համար, որ իրագործուեցան եւրոպական խոշոր քաղաքներու, Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու մէջ, հոգեւոր ու մշակութային այն արժէքներու համար, որ անխնայ կերպով կ՛ոչնչացուին հակամարտութիւններու տարածաշրջաններու մէջ: Որքա՜ն սրբավայրեր պղծուեցան եւ արժէքաւոր կոթողներ կործանեցան Սուրիոյ, Իրաքի, Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու մէջ, որքա՜ն խաչքարեր ոչնչացուեցան Ազրպէյճանի մէջ: Փլատակներու, կորուստի ցաւի ու կարիքի մէջ կը փլուզուին նաեւ մարդկային հոգիի արժէքներն ու զգացումները:

Ստեղծուած իրավիճակներու մէջ քրիստոնէական Եկեղեցիներու եւ կրօնական առաջնորդներու առաքելութիւնը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն տուժածներուն աջակցելով, մխիթարելով եւ հովուական հոգատարութիւն ցուցաբերելով: Խաղաղութեան փնտռտուքի ճամբուն վրայ աւելի գործօն քայլեր պէտք է ձեռնարկուին՝ ջանքերը համատեղելով կանխարգիլելու համար չարիքը, միջեկեղեցական ու միջկրօնական գործակցութեամբ հասարակութիւններու մէջ զօրացնելու սիրոյ, համերաշխութեան ու համագործակցութեան ոգին՝ ըստ Աստուծոյ կոչի. «Երանի՜ խաղաղարարներուն,- կ՛ըսէ մեր Տերը,- որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին»:

Ձերդ Սրբութիւն, հովուական Ձեր ծառայութիւնը ակնյայտօրէն կ՛արտայայտուի աշխարհի խաղաղութեան ու ազգերու միջեւ հաշտութեան տերունաւանդ պատգամին Ձեր ամբողջական նուիրուածութիւնը, որու վկայութիւններէն մէկը եղաւ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով անցեալ տարի Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարի մէջ մատուցուած պատարագը՝ ի յիշատակ մեր անմեղ նահատակներու, երբ Դուք Ձեր պատգամին մէջ բարձրաձայնեցիք արդարութեան վերականգնման անհրաժեշտութեան մասին՝ նշելով. «Չարիքը թաքցնելը կամ ուրանալը նման է թոյլ տալու, որ վէրքը արիւնահոսի՝ առանց վիրակապուելու»։

Այս նոյն սկզբունքով առաջնորդուած՝ վերջին մեկ տարուան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վճռականօրէն դատապարտեցին նաեւ նոր պետութիւններ ու կազմակերպութիւններ, օրերս նաեւ Գերմանիան, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմին Թուրքիոյ դաշնակիցն էր: Մեր ժողովուրդը երախտագէտ է Ձերդ Սրբութեան եւ բոլորին, որոնք կը բարձրաձայնեն ու կը պաշտպանեն արդարութիւնը եւ կ՛ակնկալէ, որ Թուրքիան՝ ունկնդիր Ձեր պատգամին եւ բազում պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու կոչին, քաջութիւն դրսեւորէ առերեսուելու պատմութեան հետ, վերացնէ Հայաստանի անօրինական շրջափակումը, դադարեցնէ նաեւ զօրակցութիւնը Ազրպէյճանի ռազմական խարդաւանքներուն՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ազատ ու խաղաղ ապրելու իրաւուքին դէմ: Արդարեւ խաղաղութիւնը չի կրնար կենսագործուիլ առանց արդարութեան, մարդկային կեանքերը չեն կրնար դառնալ շահարկումներու առարկայ, չեն կրնար անտեսուիլ: «Աստծոյ կողմէ աչառութիւն չկայ,- կ՛ըսէ առաքեալը,- այլ բոլոր ազգերու մէջ ով որ կ՛երկնչի Անկէ եւ արդարութիւն կը գործէ, ընդունելի է Անոր» (Գործք  Ժ 34-35): Միայն արդարութիւնը, որու վրայ հիմնուած է մարդոց եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, կրնայ դառնալ ամուր հիմքը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման եւ ամենաիրական ուղին հակամարտութիւններու համապարփակ լուծման:

Այս նպատակի իրագործման համար ջերմեռանդ սիրտով կ՛աղաչենք Աստծուն, որպէսզի ունկնդիր ըլլայ մեր աղօթքներուն եւ Սուրբ Հոգիի շնորհներու առատ հեղմամբ բարի արդիւնքներով արգասաւորէ եղբայրական սէրն ու գործակցութիւնը Եկեղեցիներու միջեւ: Թող Ողորմած մեր Տէրը մաքրէի աշխարհը չարի ողբերգութիւններէն եւ պարգեւէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն: Եւ թող մարգարէական խօսքի համաձայն՝ սուրերէն խոփեր թող ձուլուին, սուիններէն՝ մանգաղներ, ազգ ազգի դէմ սուր չբարձրացնէ, եւ մարդիկ չսորուին պատերազմիլ (հմմտ. Եսայի. Բ 4):

Բարերար Աստծոյ մեզի պարգեւած հանդիպման հոգեւոր ուրախութիւնը Մեր սրտին էջմ, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչի շնորհը եւ խաղաղութիւնը հայցելով բոլորիս՝ կը  հրաւիրենք Ձեզ, սիրեցեալ եղբայր, Ձեր պատգամը եւ սիրառատ օրհնութիւնը բերելու այստեղ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն»:

Ապա խօսքով հանդէս եկաւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը.

«Մեծարգոյ եւ յոյժ սիրելի Եղբայր, Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,

Պարոն Նախագահ,

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աստծոյ օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը ձեզ հետ ըլլայ:

Շատ ցանկացայ այցելել այս սիրելի երկիրը, ձեր Աշխարհը, որ առաջինը ընդունեց քրիստոնեայ հաւատքը: Ինծի համար առանձնաշնորհութիւն է գտնուիլ այս բարձունքներու վրայ, ուր Արարատ լերան հայեացքի ներքոյ, նոյնիսկ լռութիւնը մեզ խօսուն կը թուի. խաչքարերը մեզի կը պատմեն անկրկնելի պատմութիւն մը, ամրակուռ հաւատքով եւ սոսկալի տառապանքներով հիւսուած, պատմութիւն մը՝ հարուստ Աւետարանի սքանչելի վկաներով, որոնց ժառանգներն էք դուք: Հռոմէն կու գամ ուխտաւոր, ձեզի հետ հանդիպելու եւ սիրտի խորքէն բխող իմ զգացումը արտայայտելու.  ան ձեր եղբօր սէրն է, եղբայրական գրկախառնումն է ամբողջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, որ ձեզի կը սիրէ եւ ձեր կողքին է:

Անցյալ տարիներուն մեր Եկեղեցիներու միջեւ միշտ շատ յարգալից եւ ստէպ յիշարժան այցերն ու հանդիպումները, Աստծոյ շնորհոք սերտացան: Նախախնամութիւնը կը կամենայ, որ ճիշդ այս օրը, երբ այստեղ Քրիստոսի սուրբ Առաքյալներու յիշատակ կը կատարուի, կրկին միասին ենք` ամրապնդելու առաքելական հաղորդութիւնը մեր միջեւ: Երախտապարտ եմ Աստծոյ մեր Եկեղեցիներու «իսկական եւ ներքին միութեան համար» (Յովհաննէս Պօղոս Բ, Համամիութենական ծիսակատարութիւն, Երեւան, 26 Սեպտեմբեր 2001. Ուսուցումներ ԻԴ, 2 [2001], 466) եւ շնորհակալ եմ ձեզ Աւետարանին շատ անգամ հերոսական հաւատարմութեան համար, որ անգնահատելի պարգեւ է բոլոր քրիստոնեաներու համար: Մեր հանդիպումը «գաղափարներու փոխանակում չէ, ընծաներու փոխանակում է» (հմմտ. Նոյն, Շրջաբերական նամակ՝ Զի եղիցին մի, 28). Հնձենք այն ինչ Հոգին է մեր մէջ ցանած, որպէս իւրաքանչիւրին նուէր (հմմտ. Առաքելական յորդոր Աւետարանական ցնծութիւն, 246): Մեծ ուրախութեամբ կը կիսենք միասին կտրած արդէն շատ յառաջացած ճանապարհի բազում քայլերը, եւ իրօք լիայոյս կը նայինք այն օրուան, երբ Աստծոյ օգնութեամբ, միացած կ՛ըլլանք Քրիստոսի զոհասեղանի շուրջ, հաղորդութեան ամբողջական միութեամբ: Դէպի այդ բազմատենչ նպատակը «ուխտաւորներ ենք, եւ միասին կը ճամբորդենք […] մեր սիրտերը անկասկած ու անվարան վստահելով ուղեկիցին» (Նոյն, 244):

Այս ընթացքին մեզի կը նախորդեն եւ կ՛ընկերակցին բազում վկաներ, յատկապէս բազմաթիւ նահատակները, որոնք արեամբ կնքեցին հասարակաց հաւատքն ի Քրիստոս. անոնք մեր աստղերն են երկինքի մէջ, որ կը փայլին մեր գլխու վրայ եւ կը նշեն ճանապարհը, որ մեզի կը մնայ կտրել այս աշխարհ մէջ, դէպի ամբողջական հաղորդութիւն: Մեծ Հայրերու շարքին, կ՛ուզեմ ակնարկել սուրբ Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսին: Ան արտակարգ սէր կը տածէր իր ժողովուրդին եւ անոր աւանդութիւններու հանդէպ, միաժամանակ հակում ունէր միւս Եկեղեցիներուն, անխոնջ միութեան փնտրտուքին, Քրիստոսի կամքը իրականացնելու փափագող. որպէսզի հաւատացողները «մէկ ըլլան» (Հվ, 17, 21): Արդարեւ միութիւնը ռազմավարական առաւելութիւն չէ, փոխադարձ շահերու փնտռտուքով, այլ այն ինչ Յիսուս կը խնդրէ մեզմէ, եւ որ մեզի կը մնայ իրագործել բարի կամքով եւ բոլոր ուժերով, իրականացնելու համար մեր առաքելութիւնը. աշխարհին պարգեւել Աւետարանը հետեւողականօրէն:

Անհրաժեշտ միութիւնը իրականացնելու համար, սուրբ Ներսէսի համաձայն, բաւարար չէ որեւէ մէկու բարի կամքը Եկեղեցիի մէջ. անհրաժեշտ է բոլորին աղօթքը: Գեղեցիկ է այստեղ հաւաքուած ըլլալը՝ մէկս միւսի համար, մէկս միւսի հետ աղօթելու եւ յատկապէս աղօթքի նուէրն է, որ եկեր եմ այս երեկոյ ձեզմէ խնդրելու: Իմ կողմէ կը վստահեցնեմ, որ Հացն ու Բաժակը սուրբ սեղանի վրայ ընծայելով, չեմ դադարիր ներկայացնելու Տիրոջ Հայ Եկեղեցին եւ ձեր սիրելի ժողովուրդը:

Սուրբ Ներսէսը կը զգար նաեւ փոխադարձ սէրը աճեցնելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ միայն սէրն է ի վիճակի դարմանելու յիշողութիւնը եւ անցեալի վէրքերը բուժելու. միայն սէրը կը ջնջէ նախապաշարումները եւ թոյլ կու տայ ընդունելու, որ եղբօր հանդէպ բաց ըլլալը կը մաքրէ եւ կը բարւոքէ սեփական համոզումները: Այդ սուրբ Կաթողիկոսի համար դէպի միութիւն ճամբուն վրայ՝ էական է նմանակել Քրիստոսի սիրոյ ոճը, «ան որ հարուստ էր» (Բ Կոր. 8-9), «խոնարհեցուց ինքն իրեն» (Փիլ 2, 8): Իր օրինակով կանչուած ենք քաջութիւնը ունենալու ձերբազատուելու քարացած համոզումներէ եւ սեփական շահերէ յանուն սիրոյ, որ կը խոնարհի եւ կը նուիրուի, յանուն խոնարհ սիրոյ. ան քրիստոնէական կեանքի օրհնեալ իւղն է, հոգեւոր թանկարժէք բալասանը, որ կ՛առողջացնէ, կը զօրացնէ եւ կը սրբացնէ: «Թերութիւնները ծածկենք միասնական սիրով» (Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս Հայոց, Նամակք, Վենետիկ, 1873, 316), եւ նոյնիսկ – կը հասկացնէր – սիրոյ իւրայատուկ քաղցրութեամբ, որ կը փափկացնէ սիրտի կարծրութիւնը նաեւ քրիստոնեաներու, որ շատ յաճախ եսակեդրոն եւ սեփական շահերու ետեւէ են: Ոչ թէ հաշիւները եւ օգուտը, այլ խոնարհ եւ անձնուրաց սէրը հոր բարեգթութիւնը կը շարժէ, Քրիստոսի օրհնութիւնը եւ Սուրբ Հոգիի առատութիւնը: Աղօթելով եւ «սրտանց իրար բուռն սիրելով» (հմմտ. Պտ. 1, 22), խոնարհութեամբ եւ հոգու բացուածքով տրամադրուինք ստանալու միութեան աստուածային ընծան: Վճռականութեամբ շարունակենք մեր ընթացքը, մանաւանդ վազենք դէպի մեր միջեւ ամբողջական հաղորդութիւնը:

«Ձեզ կը ձգեմ իմ խաղաղութիւնը: Ոչ ինչպէս աշխարհը կու տայ, ես ձեզ կու տամ» (Հվ. 14, 27): Լսեցինք Աւետարանի այս խօսքերը, որ մեզի կը տրամադրեն Աստուծմէ պաղատելու այն խաղաղութիւնը, որ աշխարհը գտնելու համար շատ կը տառապի: Ինչքան մեծ են այսօր խաղաղութեան ճանապարհին կանգնած խոչընդոտները, իսկ ինչքան ողբերգական պատերազմներու հետևանքները: Կը մտածեմ այն ժողովուրդներու մասին, որոնք ստիպուած են ձգել ամէն ինչ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր կ՛ենթարկուին բռնութեան եւ հալածանքի, ատելութեան եւ հակամարտութիւններու պատճառով շարունակ հրահրուած զէնքի վաճառքի եւ բազմացման խարանէն, ուժի դիմելու փորձութենէն եւ մարդկային անձի յարգանքի պակասէն, յատկապէս տկարներու, աղքատներու եւ անոնց, որոնք կը խնդրեն միայն պատուարժան կեանք:

Չեմ կրնար չմտածել սոսկալի փորձութիւններու մասին, որոնց միջով անցած է ձեր ժողովուրդը. հազիւ մէկ դար անցած է «մեծ եղեռնէն», որ ձեզի պատահեցաւ: Այս «անլուր եւ խոր  ջարդը» (Ուղերձ Սուրբ Պատարագի սկզբը, հայածես հաւատացեալներուն, 12 Ապրիլ 2015), այս անարդարութեան ողբերգական խորհուրդը, որ ձեր ժողովուրդը իր մարմինի վրայ կրեց՝ միշտ տպաւորուած կը մնայ յիշողութեան մէջ եւ կ՛այրէ սիրտը: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ ձեր տառապանքները մեզի կը պատկանին. «Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմինի անդամներու տառապանքներն են» (Յովհաննէս Պօղոս Բ, Առաքելական նամակ հայ Ժողովուրդի Մկրտութեան 1700-ամեակի առիթով. Ուսուցումներ ԻԴ, 1 [2001], 275). յիշելը միայն պատեհ չէ, այլ պարտաւոր. ամէն ժամանակներու համար ազդարարութիւն ըլլայ, որպէսզի աշխարհը այլեւս երբեք չիյնայ այդպիսի սխալներու յորձանքի մէջ:

Կը ցանկամ միաժամանակ հիացմունքնով յիշել ինչպէս քրիստոնէական հաւատքը, «նոյնիսկ հայոց պատմութեան ամենաողբերգական պահերուն, մղիչ զսպանակը եղած է, որ նշեց տառապեալ ազգի ժողովուրդի վերածնունդը: (Նոյն, 276): Այդ է ձեր իսկական ուժը, որ կը թոյլատրէ Զատիկի խորհրդաւոր եւ փրկարար ճանապարհին բացուելու. բաց մնացած եւ կատաղի ու անիմաստ ատելութեան պատճառով եղած վէրքերը կրնան որոշ կերպով յարուցեալ Քրիստոսի վէրքերուն համեմատուիլ, այն վէրքերուն, որ անոր պատճառեցին եւ որ դեռ իր մարմինի վրայ տպաւորուած են: Ան փառաւորուած ցոյց տուաւ անոնց աշակերտներուն՝ Զատիկի երեկոն (հմմտ. Հվ. 20, 20). խաչի վրայ կրած ցաւերու այդ սարսափելի վէրքերը: Այսպէս, նոյնիսկ ամենամեծ ցաւը, Խաչի փրկագործ զօրութենէն փոխակերպուած, որու մունետիկն ու վկաներն են հայերը, կրնայ խաղաղութեան սերմ դառնալ ապագայի համար:

Յիշողութիւնը սէրէ ներթափանցուած արդարեւ նոր եւ զարմանալի արահետներով երթալու ատակ կը դառնայ, ուր ատելութեան դաւերը կը փոխակերպուին հաշտութեան ծրագիրներու, ուր կարելի է յուսալ լաւագոյն ապագայ բոլորին համար, ուր «երանի խաղարարարներուն» (Մթ. 5, 9): Բոլորին համար լաւ կ՛ըլլայ աջակցիլ ապագայի հիմքերը դնելու, որ թոյլ չտայ վրէժի խաբէական ուժէն ներծծուելու. ապագայ, ուր երբեք չյոգնիեն ստեղծելու խաղաղութեան պայմաններ. բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներու խնամատարութիւն եւ անխոնջ պայքար կաշառակերութեան դէմ, որ պէտք է արմատախիլ ընել:

Սիրելի երիտասարդներ, այս ապագան ձերն է. Ձեր մեծերու իմաստութիւնը ամբարելով, խաղաղարարներ դառնալու հնարաւորութիւն կ՛ունենաք. ոչ թէ սթաթուս-քվոի նոթարներ, այլ հանդիպման եւ հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնէ ձեր ապագան եւ «պարգեւէ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, եւ խաղաղութիւնը տիրէ Ղարաբաղի մէջ» (Պատգամ Հայերուն, 12 Ապիրլ 2015):

Այս տեսանկիւնէն կ՛ուզէի վերջապէս յիշել Քրիստոսի խաղաղութեան մեծ վկայի եւ գործիչի, սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին, որուն Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեցի: Ան կրնար նաեւ յայտարարուիլ «Խաղաղութեան Վարդապետ»: Ան այսպէս գրած է այդ արտասովոր Գիրքի մէջ, որ կը սիրեմ անուանել որպէս «հայ ժողովուրդի հոգեւոր օրէնքի գիրք». «Յիշէ՛, [Տէր,…] անոնց, որոնք մարդկային ցեղի մէջ մեր թշնամիներն են, սակայն անոնց բարիքի համար. անոնց մէջ իրագործէ ներում եւ ողորմութիւն […] Մի՛ վերացներ անոնց որոնք ինծի կը կծոտեն. կերպարանափոխէ՛: Արմատախիլ ըրէ աշխարհիկ ախտաւոր ընթացքը եւ տնկէ բարին իմ եւ անոնց մէջ» (Մատեան ողբերգութեան, 83, 1-2):  Նարեկացին, «խորապէս գիտակից մասնակից ամէն կարիքի (Նոյն, 3,2), կամեցաւ մինչեւ ամէն ժամանակի եւ տեղանքի, տկարներու եւ մեղաւորներու հետ նոյնանալ, միջնորդելու համար բոլորի օգտին (Նոյն, 31, 3; 32,1; 47, 2). ան դարձաւ «ամբողջ աշխարհի աղօթամատոյցը» (Նոյն, 28, 2): Անոր այսպիսի ընդհանրական զօրակցութիւնը մարդկութեան հետ, քրիստոնէական մեծ պատգամ է խաղաղութեան, ներդաշնակ ճիչ, որ բոլորին համար ողորմութիւն կը հայցէ: Տարբեր երկիրներու մէջ ներկայ հայերը, որոնց եղբայրաբար կը գրկեմ այստեղէն, այս հաղորդակցութեան իղձին ըլլան պատգամաբերներ, «խաղաղութեան դեսպաններ» (Յովհաննէս Պօղոս Բ, Առաքելական նամակ հայ Ժողովուրդի Մկրտութեան 1700-ամեակի առիթով. Ուսուցումներ ԻԴ, 1 [2001], 278): Աշխարհը բոլոր կարիքն ունի ձեր այս քարոզչութեան, կարիքն ունի ձեր ներկայութեան, կարիքն ունի ձեր ամենաջինջ վկայութեան: Խաղաղութիւն ամենեցուն»:

Ուղերձներէն յետոյ Ս. Պատարագի «Քրիստոս մեր մէջ յայտնուեցաւ» հատուածի երգեցողութեան ժամանակ, երկու Հովուապետերը միմեանց ողջոյն տուին, որ  ապա փոխանցուեցաւ նաեւ արարողութեան ներկայ բազմահազար մարդոց:

Ողջոյնէն  յետոյ Ֆրանչիսկոս Պապը «Պահպանեա զմեզ, Քրիստոս Աստուած մեր» աղօթքով օրհնեց ներկայ ժողովուրդը:

Արարողութեան աւարտին հնչեց Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանի խօսքը. «Ես եկած եմ խաղաղութեան այս աղօթքին մասնակցելու երկիրէ մը՝ Սուրիայէն, որ այսօր կը շարունակէ տառապիլ խաղաղութեան պակասէ: Տարիներ շարունակ այստեղ չեն դադրիր պատերազմներն ու ահաբեկչութիւնները, որոնց հետեւանքով կը զոհուին կամ փախստական կը դառնան բազմաթիւ անմեղ մարդիկ, որոնց մէջ երախաներ, տարեցներ եւ կանայք: Կ՛աւերուին բնակավայրեր, եկեղեցիներ ու մզկիթներ, դպրոցներ ու հիւանդանոցներ: Ոչ վաղ անցեալին էր, երեք տարի առաջ, որ Սուրիոյ Տեր Զօրի անապատին մէջ պայթեցուցին Հայոց Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու աճիւն-նշխարները ամփոփող Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Այսօր, ի ներկայութեան ՀՀ Նախագահի եւ հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի՝ համատեղ աղօթքով մենք խնդրեցինք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ողջ աշխարհի, այս ալեկոծուող տարածաշրջանի եւ մեր սիրելի Հայաստանի համար:

Ձերդ Սրբութիւն, Հայաստան Ձեր պատմական այցի առիթով, որ Դուք կոչած էք ուխտագնացութիւն, մեր ժողովուրդի անունով Ձեզի պիտի փոխանցուի  խորհրդանշական նուէր՝ Նոյեան Տապանի մանրակերտը: Նոյեան Տապանը, որ իջաւ  Արարատի գագաթին, մնայուն խորհրդանիշն է մարդկութեան փրկութեան ու վերածնունդի: Վերջին տարիներուն այսպիսի փրկութեան տապան եղաւ նաեւ Հայաստանը՝ Մերձաւոր Արեւելքէն փախստական դարձած  հազարաւոր ընտանիքներու համար, որոնք շառաւիղներն են Հայոց Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած հայերու:

Եվ այժմ Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիբանանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Եգիպտոսէն, Թուրքիայէն, Իսրայեէն, Յորդանանէն, Քուէյթէն եւ Իրանէն ժամանած հայորդիներ իրենց հետ բերած մէկական բուռ հող կ՛աւելցնեն այս տապանի մեջ, ուր պիտի դրուի հայկական խաղողի տունկը: Խորհրդանշական այս նուէրը Սուրբ Պետրոսի Աթոռի մէջ թող մնայուն յիշատակ ըլլայ Նոյեան Տապանը իր մէջ կրող Հայաստան աշխարհէն՝ որպէս մասունք աշխարհի վրայ  խաղաղութեան համար մատուցուած հոգեպարար այս արարողութենէն»:

Խօսքի աւարտին կատարուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի` Հայաստան այցին նուիրուած Գարրի Քեսայեանի հեղինակած «Ave, Maria» ստեղծագործութիւնը` մենակատարութեամբ գերմանաբնակ սոփրանօ Հրաչուհի Բազենցի: Հոգեպարար երգեցողութեան ներքոյ Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած մանուկները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին օրհնութեան համար մատուցեցին իրենց երկիրներէն բերուած հողը: Օրհնութենէն յետոյ պատմական Հայաստանի տարազներով զգեստաւորուած երախաները հողը լեցուցին Նոյեան տապանի մանրակերտի մեջ, ուր դրուեցաւ հայկական խաղողի տունկը: Երկու Հովուապետերը ջրեցին որթատունկը: Վատիկանին ընծայուելիք Նոյեան տապանի մանրակերտի հեղինակը ամերիկահայ ձեւաւորող-տիզայնըր Մայքլ Արամն է:

Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը իրենց օրհնութիւնը բաշխեցին ժողովուրդին եւ յատկապէս արարողութեան ներկայ հաշմանդամներուն:

Արարողութեան աւարտին Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Էդուարտ Թոփչեանի, եւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Հայաստանի ժողովրդական արթիսթ Յովհաննէս Չեքիճեանի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ հայ դասական երաժշտութեան անուանի մենակատարներու, հանդէս եկան համերգային ծրագիրով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին