Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Ապրիլեան Պատերազմին Վիրաւորուած Երեք Զինծառայողներ Դեռ Կը Գտնուին Վերակենդանացման Բաժանմունքի Մէջ

Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած երեք զինծառայողներ դեռ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ: Այս մասին ըստ panorama.am-ի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեանը:

«Ռոլանտին կրցած են նաեւ բակ իջեցնել: Զինծառայողներու վիճակին մէջ կայուն ուժականութիւն առկայ է` դրական միտումներով: Յոյսով եմ, որ շուտով կ’ապաքինին, կը տեղափոխուեն հիւանդասենեակ», նշած նախարարը  աւելցնելով, որ զինուորներէն մէկը կը գտնուի էրեբունի, իսկ միւս երկուքը Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց:

Ինչ կը վերաբերի Արման Լազգիեանին, որ կը բուժուի Համպուրկի մէջ, Արմէն Մուրատեան ըսած է, որ անոր առողջական վիճակը կայուն է:

«Գրեթէ ամէնօրեայ կապի մէջ ենք Արմանի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ Համպուրկի հիւանդանոցի հետ, ուր զինծառայողը կը շարունակէ բուժումը», նշած է նախարարը աւելցնելով, որ կ՛ակնկալեն զայն յետագային տեղափոխել մասնագիտական հիւանդանոց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին