*ՌՈՊԵՐԹ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*
Ուրբաթ 17 Յունիս 2016-ին, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանէն (ՍՆԱՎ) ներս տեղի ունեցաւ՝ շրջանաւարտութեան 34-րդ հանդէսը, որու ընթացքին աւարտական վկայականներ ստացան Կերի Պարոնը, Դաւիթ Յովհաննիսեանը, Անահիտ Ինջիգուլեանը, Շանթ Ինճոյեանը, Մարիա Փափազեանը, Լեւոն Ռակուբեանը եւ Պրիաննա Թահմիսեանը։
«Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի կրթական օճախը համայնքիս ծանօթ է իր աշակերտութեան հանդէպ տածած բացառիկ հոգատարութեամբ եւ զուգահեռ ընթացող հայկական ու ամերիկեան կրթական ծրագրի ուսուցմամբ։ Հայ մանուկներուն դողդոջ քայլերով մուտքը այս վարժարանէն ներս, կը պատրաստէ զիրենք մեր Հայրենիքի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններու մէջ պատուաբեր դիրքեր ստանձնելու։ Այստեղ՝ ՍՆԱՎ-ի այս գեղեցիկ միջավայրէն ներս է, որ իրենց մէջ կը սերմանուի գիտութեան հանդէպ սէրը, ինքնաճանաչումի եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութիւնն ու կը սկսի անոնց իրականացումը։ Այստեղ է, որ աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ եւ անոնց հոգատար ու կլանուած աշխատանքով, կ’առաջնորդուին դիմագրաւելու ապագան», -ըսաւ ՍՆԱՎ-ի տնօրէնուհի եւ հայ համայնքէն ներս ճանչցուած մանկավարժ Զարմինէ Պօղոսեանը, հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ:
Յայտագիրը բաղկացած էր անգլերէն եւ հայերէն բաժիններէ, որոնք նուիրուած էին ամերիկահայ անուանի գրող Արամ Հայկազի եւ հանրայայտ երգահան Առնօ Պապաճանեանին։ Հանդէսին մասնակցեցաւ դաշնակահար Աշոտ Սողոմոնեանը, որու կատարողութեամբ հնչեց Պապաճանեանի «Երեւանի Սիրուն Աղջիկ» հանրայայտ ստեղծագործութիւնը։ Ինչպէս նաեւ աշակերտներու կատարմամբ հնչեցին հայրենասիրական երգեր՝ խմբավար Անահիտ Պօղոսեանի եւ դաշնակահարուհի Նուարդ Ծ․Տատուրեանի ընկերակցութեամբ։
Աւարտական դասարանի աշակերտներուն շնորհաւորեց եւ յաջողութիւններ մաղթեց՝ ՍՆԱՎ-ի 2001 թուականի շրջանաւարտ Շանթ Ոսկերիչեանը, որ ներկայիս կ’աշխատի որպէս փաստաբան։ Հանդիսութեան պատուոյ հիւրն էր ամերիկահայ անուանի գրող Արամ Հայկազի դուստր՝ Այրիս Չեքենեանը, որ իր հօր գիրքերէն անգլերէն թարգմանուած «Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն Մէջ» հատորը նուիրեց Շանթ Ոսկերիչեանին ։
«Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանի տարիներս եղած են ուսուման կարեւոր տարիներ։ Մեծ հաճոյքով սորված եմ հայերէն լեզուն, Հայոց պատմութիւնը եւ ընդհանուր գիտելիքները։ Այս դպրոցը մեծ իմաստ ունեցած է ինծի համար, որովհետեւ հոս անցուցած եմ ուրախ եւ անմոռանալի օրեր՝ ընկերներուս եւ ուսուցչուհիներուս հետ։ Ահաւասիկ ինը տարիներ անցած են, եւ շնորհիւ մեր սիրելի ուսուցչուհիներուն եւ տնօրէնուհիին, այսօր մեծ վստահութեամբ պիտի աւարտեմ ՍՆԱՎ-ի ուսումիս ընթացքը։ Շնորհակալութիւն ձեր հոգատարութեան ու համբերութեան, շնորհակալութիւն նաեւ ծնողքիս, որ քաջալերած են զիս, որպէսզի այս դպրոցը յաճախեմ, միշտ հայերէն խօսիմ ու հայ լեզուն չմոռնամ», -ըսաւ շրջանաւարտ Շանթ Ինճոյեանը։
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ զանազան յօդուածներու եւ «Հայրական Խօսքեր Կամ Տասնաբանեայ Պատուիրաններ» հատորի հեղինակ Յակոբ Տէրեանը, որ յատուկ Ալպանիայէն ժամանած էր՝ հանդէսին ներկայ գտնուելու համար: Ան իր գիրքէն մէկական օրինակ նուիրեց շրջանաւարտներուն եւ դպրոցի գրադարանին։ Երեկոյի աւարտին Հայաստանեայց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ աղօթարար՝ Տ․Աբրահամ Քհն․Մալխասեան, շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ մանկավարժական յանձնախումբը: Ան մասնաւորաբար ըսաւ․«Մեր համայնքի համար այս տարին կը հռչակենք իբրեւ «Նուռի Տարի», որ խորհրդանիշն է առատութեան եւ արգասաբերութեան։ Նուռի սերմերը մենք ենք եւ մանաւանդ մեր դպրոցին աշակերտները, որ պիտի շատնան ու զօրանան՝ Հայ կրօնքով եւ Հայ խօսքով։ Յոյս ունիմ, որ եթէ գուրգուրանք եւ սնուցանենք մեր ապագայի այս բազմաթիւ սերմերը, մեր համայնքը պիտի ծաղկի նոր ընտանիքներով, յառաջացած հոգեւորականութեամբ, միասնականութեամբ ու անխաթար սիրով։ Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ պահէ եւ պահպանէ Սրբոց Նահատակաց Ամենօրեայ Վարժարանը իր պաշտօնեաներով եւ աշակերտներով՝ պարգեւելով անոնց յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն»:
Աւարտական հանդէսին պատուոյ հիւրն էր նաեւ՝ Նիւ Նորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ արժանապատիւ հովիւ աղօթարար՝ Տ․Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանը, բարերար ընտանիքներէն՝ Տիկ․Վերժինիա Տատուրեանը, Վերժինիա Հեքիմեանը, Գարմէն Կիւլպէնկեանը եւ շարք մը նիւեորքահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։