Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Հռոմի Պապի Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր Այցը Կրնայ Սրել Վատիկանի եւ Անգարայի Միջեւ Յարաբերութիւնները. The Wall Street Journal

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը Ուրբաթ օր եռօրեայ այցով կը հասնի Հայաստան, ուր պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, որ հաւանաբար անգամ մը եւս պիտի սրէ Վատիկանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները:

Այս այցը տեղի կ՛ունենայ Կովկասեան անհանգիստ տարածաշրջանի մէջ բռնութեան խոշոր բռնկումէն յետոյ` նկատի ունենալով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ըստ «Արցախփրես»-ի գրած է ամերիկեն «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ը (The Wall Street Journal- WSJ):

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցին հիմնական հարցը այն է, թէ արդեօք Պապը պիտի կրկնէ՞ անցեալ տարի բարձրաձայնած «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան մասին» խօսքերը:

WSJ-ն կը յիշեցնէ, որ Թուրքիան 2015-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ պատարագի ժամանակ Պապի ըրած յայտարարութեան արձագանգեց՝ Վատիկանի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար անմիջապէս ետ կանչելով: Դեսպանը վերադարձաւ միայն 10 ամիսներ անց: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը դատապարտեց Պապի յայտարարութիւնը եւ նախազգուշացուց զինք «չկրկնելու այդ սխալը»:

Թերթը կը յիշեցնէ, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս II-ը օգտագործած է «Ցեղասպանութիւն» բառը 2001-ին Հայաստան այցի ժամանակ` Գարեգին II կաթողիկոսի հետ համատեղ յայտարարութեան մէջ: Բայց Ֆրանչիսկոս Պապը ա՛լ աւելի հեռուն գնաց` Ցեղասպանութիւն անուանելով 20-րդ դարուն «երեք մեծ եւ աննախադէպ ողբերգութիւններէն մէկը»:

Ֆրանչիսկոս Պապը 1915-ի սպանութիւնները կապած է նաեւ մեր օրերուն հաւատքի կամ իրենց ազգային պատկանելութեան համար զանգուածային հետապնդումներու եւ բռնութիւններու հետ: Հռոմի Պապը բազմիցս բարձրաձայնած է քրիստոնեաներու հետապնդումներու մասին, յատկապէս մահմետական մեծամասնութեամբ երկիրներու մէջ: Ֆրանչիսկոս Պապը նաեւ նշած է, որ քրիստոնեաներու հետապնդումը պատճառ կը հանդիսանայ՝ միւս քրիստոնէական եկեղեցիներուն հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կառուցելու համար:

Պապի այցելութեան ծիրէն ներս նաեւ լարուածութիւն պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Տասնամեակներու ընթացքին ամենաուժեղ բախումները տեղի ունեցան, երբ ազրպէյճանական ուժերը ճեղքեցին հայկական դիրքերը` փորձելով գրաւել ռազմավարական բարձունքներ, կը գրէ թերթը եւ կը յիշեցնէ, որ Երկուշաբթի օրը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները հանդիպեցան Ս. Փեթերզպուրկի մէջ:

Հռոմի Պապը Ազրպէյճան պիտի այցելէ այս աշնան` Սեպտեմբեր 30- Հոկտեմբեր 2 ժամանակահատուածին: Այդ ընթացքին ան պիտի այցելէ նաեւ Վրաստան: Վատիկանը պաշտօնապէս այդ երկու այցելութիւնները կը ներկայացնէ իբրեւ  Կովկասեան տարածաշրջան 1 ուղեւորութեան 2 մաս:

Թերթը կը նշէ, որ Պապին այցը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ամրապնդելու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապերը:

Կիրակի օր Հայաստանէն մեկնելէ առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի աղօթէ Խոր Վիրապ վանական համալիրին մէջ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ հետ սահմանի մօտակայքը եւ ուրկէ կ՛երեւի Արարատ լեռը: Ան ընդամէնը 15 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ պիտի գտնուի թրքական սահմանէն, որ պաշտօնապէս փակ է, թէեւ հայերը անիկա յաճախ կը հատեն Թուրքիոյ մէջ աշխատելու համար, կը գրէ թերթը:

Սահման այցելութիւնը օրակարգի վրայ չկայ, բայց նման ժեստը յատկանշական պիտի ըլլայ Պապին համար, որ կը սիրէ զարմացնել մարդոց: 2014-ին Սուրբ Երկիր այցելութեան ժամանակ, Ֆրանչիսկոս Պապը չնախատեսուած կանգառ ըրաւ Արեւմտեան ափի Իսրայէլի բաժանիչ արգելապատին մօտ աղօթելու համար:

Այնուամենայնիւ եթէ Ֆրանչիսկոս Պապը երթայ Թուրքիոյ հետ սահման, ան հաւանաբար պիտի յայտնուի միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնը, ինչպէս եղած էր 2016-ի Փետրուարին, երբ Մեքսիքա այցելութեան ժամանակ ան կանգնած էր ԱՄՆ-ի հետ սահմանին վրայ եւ աղօթած ներգաղթեալներուն համար, որոնք զոհուած են Ռիա Կրանտեն անցնելու ժամանակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին