Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Մէջ Պապը Պիտի Փորձէ Նպաստել Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Հաշտեցման

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան պատճառով, Հռոմի Ֆրանսիս Պապը հրաժարած է մէկ այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրները այցելելէ։ Այս մասին ըստ News.am-ի գրած է «Ռոմ Ռիփորթզ»ը: Արդարեւ Պապը 24-26 Յունիսին պիտի այցելէ Հայաստան, իսկ Հոկտեմբերի սկիզբը Ազրպէյճան եւ Վրաստան։

Պարբերաթերթը կը գրէ, թէ իր այցելութեան ընթացքին Պապը պիտի փորձէ դէմ յանդիման գալ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան, որ ծագած է նախորդ տարի Վատիկանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ մեղմացնել Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութիւնը:  «Խոր Վիրապ եկեղեցիէն պապը պիտի կարենայ տեսնել  հայ–թրքական փակ սահմանը ու հիանալ Արարատ լեռով», գրած է թերթը:

Հռոմի մէջ Պապի հայկական քոլեճի ղեկավար հայր Գրիգոր Բադիշահ իր կարգին ըսած է, թէ Պապին այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցին մօտ է բոլորին եւ կը հաստատէ, որ «մեր եկեղեցիներուն միջեւ ո՛չ միայն բարեկամութիւն կայ, այլ նաեւ հաւատքի եւ յարգանքի վրայ հիմնուած խորունկ յարաբերութիւններ»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին