Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահները Խորհրդակցութիւն Ունեցած Են Բանակի Բարձրագոյն Սպայական Կազմին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 22-ին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Արցախ: Հանրապետութեան հարաւային թեւին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեան այցելած են սահմանագիծի կարգ մը հատուածներ, տեղւոյն վրայ ծանօթացած են զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ նախագահի մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը։

Նոյն օրը հայկական երկու պետութիւններու ղեկավարները մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ ունեցած են խորհրդակցութիւն՝ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ եւ քննարկած բանակաշինութեան առնչուող հարցեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին