Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Յունիս 21-ին ընդունեց Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապին այցելութեան առիթով Հայաստան գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան -պատուիրակութիւնը` Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ:
Սուրիահայ գաղութի հոգեւոր առաջնորդը սփիւռքի նախարարին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները եւ նշեց, որ իրեն համար իւրաքանչիւր այցելութիւն հայրենիքի վերելքին ու յաջողութեան հաւատքի ամրապնդում է:
Կողմերը անդրադարձան պապին այցելութեան` զայն որակելով պատմական երեւոյթ, որ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը պիտի սեւեռէ Հայաստանին:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ պապին այցելութիւնը բացառիկ է իր կարգախօսով` «Ուխտագնացութիւն դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր» եւ աւելցուց, որ անիկա միջազգային իւրայատուկ հնչեղութիւն պիտի ունենայ, քանի որ անոր մասին հաղորդելու համար հաւատարմագրուած են 600 լրագրողներ:
Նախարարը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայ կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն, գաղութներուն` ապրիլեան պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք հայրենիքին, Արցախին կողքին կանգնելնուն համար, նաեւ այն բարոյական ու նիւթական աջակցութեան, հոգեւոր վերազարթօնքին ու միասնականութեան համար, զոր ցուցաբերեց մեր ժողովուրդը:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն խնդիրներուն, անոնց լուծման նոր հեռանկարներուն եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ, որ եթէ սուրիահայը կը հեռանայ իր ծննդավայրէն, ան պէտք է ունենայ միայն մէկ հասցէ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը: